Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութենէն պաշտօնատար մը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարար Էրիք Հոլտըր «Շարլի Հեպտօ»ի դէմ յարձակումէն ետք պիտի ուղղուի Փարիզ՝ մասնակցելու համար Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Պեռնար Քազենէ-օվի հրաւէրով Կիրակի, 11 Յունուարին գումարուելիք նախարարներու մակարդակի վրայ միջազգային ժողովին։
«Ժողովը պիտի գումարուի Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ եւ պիտի անդրադառնայ ահաբեկչական սպառնալիքներուն, օտար զինեալներու դիմակայման եւ բիրտ ծայրայեղականութեան կանխարգիլման կարելիութեանց», ըսաւ պաշտօնատարը։
Միւս կողմէ «Արապիա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանը հաղորդեց, որ Ֆրանսայի երեսփոխանական ընտրութիւններու առաջին հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 22-23 Մարտին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.