Օրուան սկիզբը Շիրակի մարզի դատախազութեան շէնքին մօտ հաւաքուած հազարաւոր մարդիկ կը պահանջէին յստակացում կատարել Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած ոճրագործութեան գործը Հայաստանի իրաւապահներուն կողմէ քննելու, հայկական կողմի իրաւազօրութեան յանձնելու հարցի առնչութեամբ, իսկ ոստիկանները 4-5 շղթաներով փակած էին դատախազութեան շէնքին մուտքը:
«Եթէ նրանք մեր նեարդերի հետ են խաղում, յոյս ունենալով, որ կը յոգնենք, ապա այդպէս չի լինելու: Մենք այստեղ սպասելու ենք առանց յոգնելու», յայտարարած է Գիւմրիի «Ասպարէզ» լրագրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Բարսեղեանը եւ աւելցուցած. «Մենք կանգնելու ենք այնքան, մինչ իր կամքը կոտրուի ու իջնի ներքեւ: Մեր կամքը չի կոտրուելու»: «Հիմա, հիմա», բացագանչած են ցուցարարները։
Այդ պահուն շէնքէն դուրս ելած է գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեան, որ ըսած է. «Այն, որ ոճրագործութիւն է տեղի ունեցել հայ ժողովրդի նկատմամբ, դա փաստ է: Մենք անելու ենք ամէն ինչ, որ այդ յանցագործը ենթարկուի ամենախիստ պատասխանատուութեան, դա էլ է փաստ: Այն, որ ՀՀ տարածքում է ենթարկուելու պատասխանատուութեան, դա էլ է փաստ: Երկու գործ կայ յարուցուած մէկը մեր կողմից, մէկը՝ ռուսների կողմից: Այն, որ ամբողջութեամբ գործի քննութիւնը պէտք է քննուի մեզ մօտ, դա էլ արդարացի պահանջ է եւ այդ նպատակով մեր քննիչները գտնւում են զօրամասում, որպէս մեղադրեալ են ներգրաւել մեղադրեալին: Ես բոլոր ձեր ասածներին համաձայն եմ, հիմա տղերքը, քննիչները նստած աշխատում են այնտեղ: Համբերէք տեսնենք, բոլորս էլ նոյն նպատակն ունենք»:
Ցուցարարները կ՛ընդհատէին անոր խօսքը՝ պահանջելով, որ յանցագործը ռուսական ռազմակայանէն փոխադրուի Հայաստանի իրաւապահներուն վերահսկողութեան տակ:
Հոն էր նաեւ «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեանը, որ ըսած է. «Այս պահին Հայաստանի իշխանական մարմինները պէտք է դիմեն որոշակի գործողութիւնների, որոնք իրենց իրաւասութիւնների ներքոյ են։ Ես ուզում եմ, որ Հայաստանի դատարանի կողմից որոշում կայացուի եւ մեղադրեալը կալանքի վերցուի Հայաստանի դատարանի որոշմամբ, մեզ մօտ»։ Ան աւելցուցած է, որ պահանջները իրականութիւն դարձնելու համար իշխանութեան երեք ճիւղերը պէտք է գործեն այդ ուղղութեամբ: «Պէտք է միւս ճիւղերը եւս լինեն այստեղ եւ պարտաւորուեն աշխատանք տանել այդ ուղղութեամբ: Ես հիմա կը փորձեմ զանգահարել ՀՀ վարչապետին եւ ԱԺ նախագահին, որ նրանք եւս իրենց իրաւասութիւնները գործադրեն: Որովհետեւ միայն գլխաւոր դատախազի պահանջով չեմ հաւատում, որ յաջողութեան հասնենք»։
Լեւոն Բարսեղեան նկատել տուած է. «Եթէ դատախազը սկզբունքօրէն համաձայն է մեզ հետ, բաւական է մի գրութիւն ուղարկի Ռուսաստանի գլխաւոր դատախազին՝ խնդրելով մեղադրեալին իրենց յանձնել: Եթէ ռուսական կողմը մերժի, մենք այստեղ չենք հաւաքուի, այլ պատասխան կը պահանջենք ռուսական կողմից»:
Անկէ ետք ցուցարարները քարեր նետած են շէնքին եւ անոր առջեւ կանգնածներուն ուղղութեամբ: Լեւոն Բարսեղեանը յայտարարած է, որ նման քայլ առնողները սադրիչներ են եւ կոչ ուղղած է զանոնք հեռացնել տարածքէն:
Ցուցարարներուն միացած եւ անոնց հետ զրուցած է նաեւ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպիսկոպոս Աջապահեան, որ յետոյ առանձնազրոյց ունեցած է գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանի հետ: «Ոճրագործը պէտք է փոխանցուի Հայաստանին, սա է Ռուսաստանից եւ ռուսական ռազմաբազայից մեր պահանջը», բողոքի ցոյցի մասնակիցներուն հետ համաձայն գտնուած է Շիրակի թեմի առաջնորդը: Գլխաւոր դատախազին հետ զրոյցէն ետք Աջապահեան եւ Կոստանեան կրկին դուրս եկած են ցուցարարներուն հետ խօսելու եւ դատախազը յայտարարած է, որ գրաւոր դիմում-պահանջ պիտի ներկայացնէ ռուսական կողմին՝ Ռուսիոյ գլխաւոր դատախազին, ինչպէս կը պահանջեն ցուցարարները: Ի դէպ, ցուցարարները նաեւ շեշտած են, որ եթէ Կոստանեան չկարենայ պաշտպանել Հայաստանի շահերը եւ Սահմանադրութիւնը, պէտք է հրաժարական տայ։
Ցոյցեր եւ բախումներ տեղի ունեցած են նաեւ Գիւմրիի մէջ Ռուսիոյ հիւպատոսարանին մօտ՝ ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ, եւ իբրեւ հետեւանք ցուցարարներ բերման ենթարկուած են։ «Տասնեակից աւելի մարդիկ գտնւում են արգելանքի տակ», յայտնած է Զարուհի Փոստանջեան:
«Հիմա 13 ձերբակալուած կայ: Ես հիմա գնում եմ դատախազի մոտ եւ միջնորդելու եմ, որպէսզի ձերբակալուածները ազատ արձակուեն», տեղեկացուցած է Միքայել եպիսկոպոս Աջապահեան:
Աւելի ուշ աւելի ծանր բախումներ տեղի ունեցած են, եւ իբրեւ հետեւանք վիրաւորուած եւ Գիւմրիի բժշկական կեդրոն փոխադրուած են տարբեր աստիճանի վէրքեր ստացած աւելի քան տասնեակ քաղաքացիներ եւ ցուցարարներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.