ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրք հրապարակագիր Իհսան Էլիաչըք յստակ կերպով ամբաստանած է իսլամ կրօնքի այսօրուան տիրապետող ընկալումը ու կը պաշտպանէ այն տեսակէտը, թէ այդ ընկալումը կը ստեղծէ բազմութիւններ, որոնք իրենց իրաւունքը կը նկատեն նմանօրինակ սպանդներ կատարելը՝ ակնարկելով «Շարլի Հեպտօ» թերթի սպանդին։
Էլիաչըքի համաձայն՝ Թուրքիա եւս զերծ չէ այս վտանգէն։ «Թուրքիոյ մէջ կառավարութեան կողմէ պաշտպանուած կրօնքի ընկալման ձեւը մեր երկրին մէջ ալ կրնայ երեւան բերել նմանօրինակ սպանդներ կատարելու ատակ զանգուածներ։ Այսօր երիտասարդ մը, որ սնած է Թուրքիոյ միջին համայնքէն ներս առկայ կրօնական հասկացողութեամբ, «Իսլամական պետութեան» պաշտպան կրնայ կանգնի», գրած է ան։
«Կը պնդուի, որ իսլամ կրօնքը հաշտութեան, հաւասարութեան եւ արդարութեան պատգամաբերն է։ Ճի՛շդ է, բայց այս պատգամները Մուհամմատ մարգարէէն 50 տարի ետք վերջ գտան ու մէջտեղ եկան արիւնարբու կայսրութիւնները», աւելցուցած է Էլիաչըք։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.