ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Պէյրութի հարաւային արուարձաններէն եւ հարաւային Լիբանանէն լիբանանցի ուխտաւորներ Դամասկոս փոխադրած փոխադրակառք մը Փետրուար 1ին Քալլասա շրջանին մէջ թիրախ դարձաւ ահաբեկչութեան:
Դէպի Սայիտա Զէյնապի ուխտատեղին ուղղուող փոխադրակառքը, որ կանգնած էր Համիտիյէի շուկայի մուտքը գտնուող կառատան մէջ, կ.ե. ժամը 2ին պայթեցաւ՝ պատճառելով 6 զոհեր եւ վիրաւորելով 22 ուրիշներ:
Իսլամ ծայրայեղականներու «Ճապհաթ Նուսրա» կազմակերպութիւնը ստանձնեց գործողութեան պատասխանատուութիւնը՝ շեշտելով, որ այդ գործողութիւնը կատարած է անձնասպանական գործողութեան հեղինակ Ապուլ Իզ Անսարին:
Երեկոյեան, ուխտաւորներու մէկ մասը վերադարձաւ Լիբանան, բացի անոնցմէ, որոնք ծանրօրէն վիրաւորուած էին եւ վիրահատումի կարիքն ունէին:
Լիբանանի վարչապետ Թամմամ Սալամ խստօրէն դատապարտեց ուխտաւորներուն դէմ գործուած ահաբեկչութիւնը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.