ՄԱՆՈՒՇԱԿ ԼԱԳԼԱԳԵԱՆ-ՏԷԿԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
Հալէպի Ազգային Սահակեան վարժարանը, աւելի քան 87 տարիներու յաղթական երթով, շրջանցելով տեղական եւ պարագայական անասելի դժուարութիւններ՝ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը իբրեւ հայ միտքի դարբնոց ու հայ միտքի ձուլարան։ Վարժարանի Լոս Անճելըսի շրջանաւարտից միութիւնը, Ազգ. Սահակեան վրաժարանի հսկայ կաղնիէն ծլարձակած, հաւատարիմ եւ գիտակից իր նպատակին՝ իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր ջանք չէ խնայած իր կարելի ներդրումը բերելու վարժարանին։ Բոլորիս ծանօթ Սուրիոյ տագնապին հետեւանքով, այսօր սուրիահայ վարժարաններուն օժանդակելու կարիքը աւելի՛ ծանր կը կշռէ բոլորիս՝ զսպանակելու մեր ուժերը ու իբրեւ մէկ մարմինի անդամներ՝ սատար հանդիսանալու անոր, իր առաքելութիւնը շարունակելու։
Այս մեկնակէտով, միութեան վարչակազմը նախաձեռնած էր 2015ի սկիզբին նախաճաշ-հաւաքի մը, անգամ մը եւս ի մի խմբելով սահակեանական եւ բարեկամական իր շրջանակը։ Կիրակի, Յունուար 11, 2015ի առաւօտեան, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ շուրջ 150 շրջանաւարտներ եւ բարեկամներ, հարազատ ապրումներով ու անցեալի քաղցր յուշերով մէկտեղուած էին՝ իրենց սիրելի վարժարանին երախտարժան զօրակցութիւն յայտնելու։
Օրուան հանդիսավար եւ Շրջանաւարտից վարչութեան ատենապետուհի Քնար Գորթոշեան ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց եւ ամանորեան մաղթանքներ փոխանցեց՝ միաժամանակ իր ուրախութիւնը յայտնելով, ի տես մեծաթիւ ներկաներուն, որոնք հակառակ անձրեւոտ ու ցուրտ օդին, հաւաքուած էին «Սահակեան»ի շուրջ։
Ատենապետուհին բարձր գնահատեց անոնց քաջ գիտակցութիւնը՝ նուիրաբերելու կրթանուէր նպատակներու, նշելով, որ կեանքի մէջ մեր տուածներն են, որոնք մեզ կ՛արժեւորեն, կը հարստացնեն ու գոհունակութիւն կը պատճառեն։ Ան, զգացուած՝ շեշտեց յոյժ կարեւորութիւնը հայ դպրոցի սերնդապատրաստութեան ու հայակերտման առաքելութեան, որ այս օրերուս ահաւոր դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ ու աւելի քան երբեք կարիքն ունի մեր բոլորի զօրակցութեան՝ մէջբերելով Վահան Թէքէեանի «Հաշուեյարդար» քերթուածէն հատուած մը. «Ի՞նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց, ի՛նչ որ տուի ուրիշին, տարօրինակ՝ ա՛յդ միայն»։
Տեղին է նշել, որ հաւաքին ներկայ էին Սահակեան Ազգ. Մանկապարտէզի սկզբնական շրջանի մանկապարտէզպանուհիներէն՝ Լուսին Բարսեղեան, ուսուցիչներէն՝ Մարի Թաշճեան եւ շրջանաւարտներէն՝ Յակոբ Փոսթոյեան, որոնք հակառակ իրենց յառաջացած տարիքին, ընտանեկան պարագաներու հետ փութացած էին մասնակից ըլլալու ձեռնարկին։
Ուշագրաւ էր վարչական կազմի բծախնդիր աշխատանքն ու ամբողջական նուիրուածութիւնը՝ նախաճաշի պատրաստութեան եւ հիւրասիրութեան մէջ։ Ատենապետուհին նշեց նաեւ, թէ վարչական կազմը ամէն տարի սիրայօժար կը ստանձնէ մատակարարումը, իսկ համեղ «մամունիան» կը հիւրընկալէ վարչութեան անդամներէն՝ Արաքսի Քարաքաշեանը։
Ձեռնարկի յայտագիրին մաս կը կազմէր ցուցադրութիւն Հալէպէն առաքուած երեք տեսաերիզներու, որոնք կը ներկայացնէին հայ դպրոցի, ինչպէս նաեւ հայ գաղութի իրավիճակը Հալէպի մէջ, այս օրերուս։ Այս ծիրին մէջ, ատենապետուհին յաւելեալ մանրամասնութիւններ տուաւ հայ վարժարաններու ներկայ գործելաձեւին մասին՝ նշելով, որ ազգային վաժարաններու աշակերտութիւնը ներկայիս կը շարունակէ յաճախել դպրոց՝ համախմբուելով Կիւլպէնկան վարժարանին մէջ (միւս վարժարանները անապահով շրջաններու մէջ գտնուելու պատճառով)։ Իսկապէս յուզիչ ու տպաւորիչ էր տնտեսական ահաւոր, անապահով պայմաններու եւ քարուքանդ ու կեանքի սպառանալիքի ներքեւ իսկ տեսնել հալէպահայ հայ աշակերտին վճռակամութիւնը, յոյսն ու աննկուն կամքը հայ գոյապայքարին մէջ։
Ներկաները յուզախառն ուրախութեամբ, երբեմն ալ արցունքոտ աչքերով եւ ծափողջոյններով իրենց գնահատանքը յայտնեցին, ի տես մատղաշ սերունդի պայքարի ոգիին։
Ապա, «Սահակեան»ական ծնողներու՝ Արմէն եւ Տաթեւիկ Տաղլեաններու, զաւակները՝ Ճորճ, Փաթիլ եւ Սարէն, յաջորդաբար դաշնակի, ֆլութի եւ ջութակի վրայ հանդէս եկան Կոմիտաս վարդապետի ստեղծագործութիւններէն փունջով մը, որ արժանացաւ բոլորի գնահատանքին։
Ձեռնարկի վերջաւորութեան խանդավառ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ օրուան վիճակահանութիւնը։ Աւելի վերջ նաեւ՝ վարչութեան կողմէ երեք տարիէ ի վեր նախաձեռնուող ամանորեայ յատուկ տոմսերու վիճակահանութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք բախտաւոր հանդիսացան երկու ազգայիններ՝ շահելով 500ական տոլար։ Բախտաւորներէն մին, որ ներկայ էր հաւաքին, մեծասրտութեամբ վարժարանին նուիրեց իր նուէրը։ Ուրախ այս մթնոլորտին մէջ եղան նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ։
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ երեկոյեան ժամը 2ին, երբ ներկաները գոհունակ սրտով ու վարչութեան գնահատական խօսքերով մեկնեցան սրահէն։
Վարձքը կատար Շրջանաւարտից վարչութեան անդամներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներկայութեամբ, նուիրատուութեամբ եւ անձամբ օգտակար հանդիսացան՝ ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակելու։ Կրնաք այցելել Շրջնաւարտից միութեան «Ֆէյսպուք»ի էջը՝ Sahagian schoolalumniLA։