ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան, որ 4 Փետրուարին հասած էր Երեւան, 5 Փետրուարին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։ Տեսակցութեան կը մասնակցէր նաեւ Ռուսիոյ դաշնակցային գաղթականութեան ծառայութեան ղեկավար Կոնսթանթին Ռոմոտանովսքին. հիւրերը Հայաստան կը գտնուէին մասնակցելու անօրինական գաղթականութեան դէմ պայքարի հարցերով ՀԱՊԿի անդամ պետութիւններու իրաւասու մարմիններու ղեկավարներու համակարգող խորհուրդի նիստին:
Նախագահը ողջունած է նիստի կազմակերպումը Հայաստանի մէջ՝ կարեւոր նկատելով օրակարգով նախատեսուած միացեալ հարցերու քննարկումը՝ դիտել տալով, որ անօրինական տեղաշարժի դէմ պայքարին մէջ միասնաբար կարելի է արդիւնաւէտ միջոցներու ձեռնարկել։
Հիւրերը ներկայացուցած են երեւանեան նիստի քննարկումներուն արդիւնքները՝ նշելով, որ օրակարգի վրայ է նաեւ այն նոր իրավիճակը, որ ստեղծուած է Հայաստանի Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութենէն ետք։
Քննարկուած են նաեւ 2014ի Դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ կայացած ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանին տրուած որոշումներու գործադրութեան ընթացքը: Հանդիպման ընթացքին Նիքոլայ Պորտիւժան նախագահ Սարգսեանին զեկուցած է կազմակերպութեան ընթացիկ գործունէութեան, համագործակցութեան ծիրին մէջ իրականացուող աշխատանքներուն, ՀԱՊԿի միացեալ ղեկավարման մարմինի ընթացիկ գործունէութեան, կազմակերպութեան կանոնադրական մարմիններու յառաջիկայ նիստերու նախապատրաստական աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան կովկասեան տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան ապահովման առնչուող հարցերուն մասին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.