
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 5 Փետրուարին Աբովեան քաղաքին մէջ ընթացք առած է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան (ԲՀԿ) նախագահ Գագիկ Ծառուկեան նախաձեռնած ոչ իշխանական քաղաքական-հասարակական ուժերու խորհրդաժողովը:
Խորհրդարանական ուժերէն, «Բարգաւաճ Հայաստան»էն բացի, ներկայ էր միայն Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը: Խորհրդաժողովին չէին մասնակցեր իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը, քանի որ հրաւիրուած չէ, եւ ընդդիմադիր Հայ ազգային կոնգրեսը, որ յայտարարած էր, որ կը նախընտրէ «Բարգաւաճ Հայաստան»ի հետ քննարկումները կայացնել ոչ իշխանական եռեակի ձեւաչափով:
Խորհրդաժողովին ներկայ միւս բոլոր քաղաքական ուժերը ներկայացուած չեն Ազգային ժողովին մէջ:
Համաժողովի մեկնարկին ծաւալուն ելոյթով հանդէս եկած է Գագիկ Ծառուկեան, որ քննադատած է իշխանութիւնները՝ երկիրին մէջ ստեղծուած տնտեսական իրավիճակին, քաղաքական մենաշնորհին համար: Ուշագրաւ է, որ, հակառակ այս բաւական սուր քննադատութեան, Գագիկ Ծառուկեան իր խօսքին մէջ քանի մը անգամ շեշտած է, որ իրենք կը պատրաստուին ընտրութիւններուն, ըստ էութեան ակնարկելով հերթական ընտրութիւններուն, քանի որ իր խօսքի աւարտին արդէն ան ըսած է, որ եթէ իշխանութիւնները զիջումներ չկատարեն, միայն այդ պարագային պիտի պարտադրեն արտահերթ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ:
«Եթէ իշխանութիւնները ընտրում են առաջարկող տարբերակները մերժելու ճանապարհը, ապա ժողովուրդը ունենում է մէկ քայլ՝ պարտադրել արտահերթ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ: Մարդիկ պէտք է յիշեն, որ ոչ մի պաշտօն յաւերժ չէ, եւ եթէ պետութեան զարգացումը, պետութեան անվտանգութիւնը պահանջում է իշխանութեան փոփոխութիւն, ուրեմն այդպէս էլ պէտք է լինի», յայտարարած է Ծառուկեան՝ աւելցնելով. «Ֆուտբոլային լեզուով ասած՝ գնդակը գտնւում է իշխանութեան դաշտում, սակայն քայլերի համար ժամկէտը անսահմանափակ չէ»:
Ծառուկեան ընդգծած էր, որ համբերութեան բաժակը արդէն լեցուած է, ժողովուրդը հասած է ծայրայեղ վատ ընկերային-տնտեսական վիճակի եւ այս բոլորէն պէտք է եզրայանգումներ կատարէ իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը:
«Առաջիկայում խոշոր հանրահաւաքներ են լինելու մարզերում եւ համապետական հզօր հանրահաւաք Երեւանում: Մեր դիրքորոշումը յստակ է, ժողովրդի պահանջը պէտք է լինի հրամայական բոլորիս համար», հանրահաւաքային աւելի քան եռամսեայ դադարէ ետք դիտել տուած է ԲՀԿի առաջնորդը:
Համաժողովի դադարին, երբ «Ազատութեան» լրագրողը փորձած է գիտնալ, թէ ե՞րբ նախատեսուած է յառաջիկայ հանրահաւաքը, ԲՀԿ առաջնորդը ըսած է, որ շուտով հանդիպում պիտի ունենայ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի եւ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի հետ, որմէ ետք աւելի յստակ կը դառնայ ամէն բան։
Ծառուկեան չէ ուզած պատասխանել այլ հարցումներու, մանաւանդ այն հարցումին, որ եթէ երկրին մէջ ստեղծուած է այսպիսի իրավիճակ, ինչո՞ւ անյապաղ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը չի պահանջեր, սակայն խոստացած, որ համաժողովի աւարտին պատասխանէ այլ հարցումներու։