ԵՐԵՒԱՆ.– Կառավարութիւնը փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարած է աւելի կանուխ ընդունած որոշումներէն մէկուն մէջ՝ նպատակ ունենալով Հոլանտայէն Հայաստան վերադարձող քաղաքացիներու վերահամարկման նպատակով աջակցութիւն ցուցաբերել:
Երկու երկիրներու համապատասխան ծառայութիւններուն միջեւ կնքուած համաձայնագիրով Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան «Միգրացիոն պետական ծառայութիւն»ը մէկ տարուան ընթացքին Հոլանտայէն հարկադիր վերադարձող Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացիի պիտի տրամադրէ առաւելագոյնը 1000 եուրոյի աջակցութիւն՝ փոքր առեւտուրի սկսելու կամ աշխատանքի շուկայ մուտք գործելու, ուսումնական եւ մասնագիտական վերապատրաստման կամ այլ կարիքներու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.