ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ռուսիոյ կառավարութիւնը՝ ՄԱԿի Զարգացման ծրագիրով, Հայաստանին 5 միլիոն տոլարի նիւթական աջակցութիւն պիտի տրամադրէ։ Անիկա պիտի յատկացուի 2015-2019 թուականներուն «Գիւղական համայնքների զարգացմանն ուղղուած համալիր աջակցութիւն. Համայնքներու կայուն զարգացում» ծրագիրի իրագործման:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ ծրագիրով կը նախատեսուի Տաւուշի մարզին մէջ կայացնել համատեղ նախաձեռնութիւններ, որոնք կը միտին նպաստել մարզի կայուն զարգացման, գիւղատնտեսական գործունէութենէն ստացուող եկամուտներու յաւելումին, աղքատութեան նուազեցման եւ համայքի բնակիչներու կենսամակարդակի բարձրացման: Նախատեսուած է, որ ծրագիրէն պիտի օգտուի 62 հազար անձ:
«Ռուսիոյ կողմէ այդ ծրագիրի ֆինանսաւորումը եւ փորձագիտական աջակցութիւնը կրնայ դառնալ Ռուսիոյ գործնական ներդրումը ՄԱԿի Հազարամեակի ծրագիրներուն: Ծրագիրը պիտի նպաստէ նաեւ Ռուսիոյ ռազմավարական գործընկեր Հայաստանի հետ կապերու ամրապնդման», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Haiastan:muratskanneri drakht.