Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, որ Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսիոյ իր պաշտօնակիցին՝ ջերմ ընդունելութեան համար: «Վստահ ենք, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան ստեղծումը նոր խթան կը հանդիսանայ մեր երկրների տնտեսութիւնների զարգացման, մրցունակութեան բարձրացման համար: Յոյսով ենք, որ մօտ ապագայում էապէս կը փոխուեն տնտեսական ցուցանիշները, մասնաւորապէս, կ՛աւելանան առեւտրաշրջանառութեան եւ ներդրումների ծաւալները, ինչն էլ իր հերթին կը նպաստի բնակչութեան կենսամակարդակի բարձրացմանը, նոր աշխատատեղերի ստեղծմանը», նշած է Յովիկ Աբրահամեան:
Զրուցակիցները անդրադարձած են տնտեսութեան շարք մը ոլորտներու մէջ փոխգործակցութեան զարգացման եւ այդ պարունակին մէջ կարեւոր նկատած են Եւրասիական տնտեսական միութեան շրջանակին մէջ տարբեր բնագաւառներու մէջ միացեալ ծրագիրներու եւ նոր նախագիծերու իրականացումը: Երկուստեք ընդգծած են, որ Հայաստանի ԵՏՄին միանալը լայն կարելիութիւն պիտի ստեղծէ առեւտրաշրջանառութեան աճի խթանման, նոր ներդրումներու ներգրաւման եւ նոր շուկաներու ձեռքբերման համար:
Երկու երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարները քննարկած են նաեւ նախորդ տարի Սոչիի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Finns det nån djääävel som kan fånga den där råttan?