Ան ըսաւ, որ այս արարքին դիմած ահաբեկիչները արժանի են Քորանի մէջ «Աստուծոյ կամ անոր մարգարէին դէմ կռուողներուն» առնչութեամբ նշուած պատիժին, այսինքն՝ անոնք պէտք է սպաննուին, խաչուին, կամ անոնց ձեռքերն ու ոտքերը կոտրուին:
«Ազհար»ի շէյխը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց դիմակայելու «այս ահաբեկչական խմբաւորումը, որ կը գործէ բարբարոսներու վայրագ այս արարքները, որոնք Աստուծոյ եւ անոր մարգարէին կողմէ մերժուած են»: Ան նաեւ իր ցաւակցութիւնները յայտնեց Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին ու Յորդանանի ժողովուրդին:
Յայտնենք, թէ Յորդանանի ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ տեղեկացուց, որ Չորեքշաբթի արշալոյսին, Իրաքի քաղաքացիութիւն ունեցող Սաժիտա Ռայշաուիի դէմ մահապատիժը գործադրուած է ու ան կախաղան բարձրացուած է: Ռայշաուի ամբաստանուած էր 2005ին Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ գործադրելու յանցանքով: «Իսլամական պետութեան»ը պահանջած էր Ռայշաուին փոխանակել յորդանանցի գերեվարուած օդաչու Մաազ Քասասպէյի հետ, սակայն կը կարծուի, որ օդաչուն շաբաթներ առաջ արդէն սպաննուած էր:
Կախաղան բարձրացուած է նաեւ «Քայիտա»ի ղեկավար Ապումասաապ Զարքաուիի նախկին ականաւոր օգնականներէն՝ իրաքցի Ռաժա Քարպուլին, որ Յորդանանի դէմ ահաբեկչական գործողութիւններ ծրագրելու յանցանքով ամբաստանուած էր:
Մահապատիժները գործադրուած էին յորդանանցի օդաչուի մահապատիժի գործադրման տեսաերիզին հրապարակումէն ետք:
Այս առթիւ նաեւ, Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը կրճատած էր Միացեալ Նահանգներ իր այցելութիւնը եւ որոշած էր Յորդանան վերադառնալ: Ան պատկերասփռուած ուղերձ մը յղելով՝ յորդանանցի օդաչուին սպանութիւնը նկատեց մոլորեալ խմբաւորման մը վախկոտ արարքը, որ իսլամութեան հետ որեւէ առնչութիւն չունի: Ան ըսաւ, որ օդաչուն կեանքը զոհած է՝ պաշտպանելով իր գաղափարախօսութիւնը, հայրենիքն ու ազգը, եւ շեշտեց, որ յորդանանցիները պէտք է միասնակամ ըլլան:
Յորդանանեան բանակը, իր կարգին, յայտնած է, որ Քասասպէի ազատ արձակման համար ջանքեր թափած է, սակայն «ոճրագործ ուժերը զայն ահաբեկել պնդեցին», միաժամանակ՝ խոստանալով անոր մահուան վրէժը լուծել: Յորդանանի «Իսլամ եղբայրներ»ը եւս Քասասպէյի սպանութիւնը ոճրային արարք նկատեցին:
Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը պնդեց, թէ Ռայշաուիի եւ Քարպուլիի մահապատիժներու գործադրումը հակադարձութիւն չէր, այլ՝ պատգամ մը: Ան նաեւ ընդգծեց, որ Ամմանի հակադարձութիւնը երկրաշարժի նման ցնցիչ պիտի ըլլայ:
Ամման աւելի ուշ յայտարարեց, որ «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարի Միջազգային դաշինքին Յորդանանի մասնակցութեան տարողութիւնը պիտի ընդարձակէ, իսկ Հինգշաբթի օր հաղորդուեցաւ, որ յորդանանեան ռազմական օդանաւեր հարուածած են Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքը գտնուող դիրքեր։ Կը կարծուի, որ օդաչուին մահապատիժը տեղի ունեցած էր «Իսլամական պետութեան» կեդրոնատեղիին վերածուած այդ քաղաքին մէջ։
Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ֆրետերիքա Մոկերինի քննադատեց Ռայշաուին եւ Քարպուլին մահապատիժի ենթարկելու Յորդանանի քայլը՝ զայն նկատելով աճապարանօք առնուած քայլ: «Մեր հակադարձութիւնը պէտք է համահունչ ըլլայ արդարութեան եւ գերիներուն նկատմամբ յարգանքի մեր հասարակաց արժէքներուն», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Մեր արարքները պէտք է հիմնենք մարդկային իրաւանց միջազգային օրէնքին եւ մարդկայնութեան վրայ: Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ ընդդիմանալ մահապատիժի գաղափարին եւ մեր կարծիքով՝ մահապատիժը որեւէ կանխարգելիչ ազդեցութիւն չունի»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.