Թրքական NTV կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Պես ըսած է նաեւ, որ 1915ին տեղի ունեցած «սարսափելի կոտորածներու եւ ողբերգութիւններու» փաստերուն «ճիշդ եւ արդար» ընդունումը «օգտագակար պիտի ըլլայ թէ՛ թուրքերուն եւ թէ հայերուն համար»:
Անդրադառնալով Կալիփոլիի ճակատամարտի 100ամեակին հետ կապուած թրքական կողմի հրաւէրին՝ Պես նշած է, որ «դեռ կանուխ է ըսելու, թէ Ամերիկա պաշտօնական ինչպիսի՛ մակարդակով պիտի մասնակցի այդ միջոցառման»՝ միաժամանակ ընդգծելով, որ Թուրքիա Ամերիկայի «ամենակարեւոր գործընկերներէն մէկն է»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.