ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 5 Փետրուարին՝ ժամը շուրջ 23:00ին, հայ-ատրպէյճանական սահմանագիծի ատրպէյճանական մարտական դիրքերէն ազգային ատելութենէն մղուած, ապօրինաբար, դիտաւորեալ կերպով մարդ սպաննելու նպատակով կրակոցներ արձակուած են Տաւուշի մարզի Ն. Կարմիրաղբիւր գիւղի բնակիչ Վանիկ Գուրգէնի Ղուկասեանի առանձնատան ուղղութեամբ, որուն իբրեւ հետեւանք վերջինս կրծքավանդակի ձախ կողմէն ստացած է ֆիզիքական վնաս եւ մահացած է։ Տան ուղղութեամբ կրակոցները սաստիկ կերպով շարունակուած են, այդ պատճառով ալ կարելի չէ եղած իսկոյն հետաքննութիւն կատարել։
Դէպքին առթիւ Հայաստանի քննչական կոմիտէի Տաւուշի մարզային քննչական վարչութեան Բերդի քննչական բաժինին մէջ 6 Փետրուարին յարուցուած է քրէական գործ՝ Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 104րդ յօդուածի 2րդ մասի 13րդ կէտով: Վանիկ Ղուկասեանի կինը՝ Անահիտ Կամենդատեանը, նկատուած է տուժողի իրաւայաջորդ եւ հարցաքննուած:
Քննչական կոմիտէէն յայտնած են. «Նախաքննութեամբ պարզուել է, որ Տաւուշի մարզի Ն. Կ. Աղբիւր գիւղի բնակիչ Վանիկ Ղուկասեանն իր կնոջ՝ Անահիտ Կամենդատեանի հետ գտնուել է իրենց տան առաջին յարկի հիւրասենեակում: Նոյն օրը՝ ժամը 23:00ի սահմաններում, Վանիկ Ղուկասեանը ցանկացել է դուրս գալ տնից, բացել է հիւրասենեակի դուռը եւ դեռեւս հիւրասենեակից դուրս չեկած՝ ադրբեջանական յենակէտերից արձակուած կրակոցից վնասուել է տան առաջին յարկի մուտքի դուռը, նոյն կրակոցից Վ. Ղուկասեանը կրծքավանդակի ձախ հատուածում ստացել է հրազէնային վնասուածք ու տեղափոխուել Բերդի ԲԿ, որտեղ գիտակցութեան չգալով՝ մահացել է»:
Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.