ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Աշխարհի մեծ մայրաքաղաքներուն մէջ քաղաքական, յարաբերական, քարոզչական ու բացատրական աշխատանքները բաւարա՞ր են:
Արցախի միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ տարուող ճիգերը կրնա՞ն զգաստացնել Ալիեւական վարչակարգը:
Հաւանաբար ո՛չ: Մենք այստեղ, իսկ հայկական բանակը սահմանի վրայ, ի՛նչ ալ ընենք, Ատրպէյճան պիտի շարունակէ ամէն օր իր թշնամանքը դրսեւորել մեր երկրին ու մեր ժողովուրդին հանդէպ, ամէն օր պիտի փնտռէ մեր տկար կէտերը, պիտի փորձէ մաշեցնել մեզ, պիտի ջանայ բարոյալքել մեզ:
«Աւելի լուրջ, վճռական եւ անողոք պիտի ըլլայ մեր պատասխանը՝ Հայաստանին», կը սպառնայ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը: Մե՛ր ալ նախարարը գրեթէ նմանօրինակ խօսքերով կը պատասխանէ այս սպառնալիքներուն: Դատարկ խօսքեր չեն ասոնք, սակայն, փաստը այն է, որ վերջին շրջանին աւելցած է մեր թանկագին զոհերու թիւը, աւելցած են նաեւ թշնամիի կորուստները:
Բարոյական ճակատի վրայ մեր պատասխան ընելիքները պէտք է ընդգրկեն արտերկրի մէջ լայնածաւալ հակաատրպէյճանական քարոզչական գործողութիւններ՝ շեշտելով այդ երկրի իշխանաւորներուն կողմէ սեփական ժողովուրդին դէմ գործուած բռնութիւններն ու մարդկային իրաւանց ոտնձգութիւնները: Ասոնց զուգահեռ, պէտք է բազմապատկուին հայրենիքին, ժողովուրդին ու բանակին զօրակցութիւն արտայայտող մեր ցուցական աշխատանքները:
Աւելին, Ատրպէյճանի ռազմատենչ իշխանաւորները պէտք է յստակօրէն տեսնեն, որ մենք Սփիւռքի մէջ անվերապահօրէն կանգնած ենք Արցախի ու Հայաստանի թիկունքին, պատրաստ՝ մեր վրայ վերցնելու յաւելեալ պատասխանատուութիւններ՝ տնտեսական, բարոյական եւ նոյնիսկ ռազմական: