ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով հերքեց տարաձայնուած այն տեղեկութիւնները, թէ Ռուսիա Սէուտական Արաբիոյ հետ կը բանակցի համաձայնութեան մը շուրջ, ըստ որուն՝ Ռուսիա Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի աջակցելէն պիտի հրաժարի, փոխարէնը՝ Ռիատ պիտի կրճատէ միջազգային շուկային քարիւղի իր մատակարարումը, քարիւղի գիները բարձրացնելու նպատակով: Փեսքով ըսաւ, որ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին՝ այդ առնչութեամբ հրապարակած լուրը «շինծու» է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.