ՌԸՍԻՏԱ.- Լոս Անճելըսի Քեսապի ուսումնասիրաց միութեան Ս. Ծնունդի տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Յունուար 11ին, միութեան 2015ի «Տարուան Անձնաւորութիւնը» հռչակուած է Յակոբ Մանճիկեան։
Հայկական Ցեղասպանութենէն նուազ քան տասնամեակ մը ետք (1924) ծնած Յակոբ Մանճիկեանը հասակ նետած է Քեսապի մէջ՝ ունկնդրելով տարագրութեան եւ սպանդներու պատմութիւնները, որոնք անջնջելի դրոշմ ձգած են անոր կեանքին վրայ։ Ան զաւակն է Կարապետ եւ Վիքթորիա Մանճիկեաններուն եւ նախնական ուսումը ստացած է Քեսապի Ուսումնասիրաց վարժարանէն, ապա ուսումը շարունակած է Լաթաքիոյ Ֆրանսական վարժարանը ու Քալիֆորնիա հասած է Յունուար 1, 1951ին։
Ան իր կեանքը նուիրած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համայնքի կազմակերպման աշխատանքներուն, միաժամանակ՝ օդային ճամբորդութեանց ճարտարարուեստին մարզին մէջ աշխատելով: Ան ոչ միայն անդամակցած է զանազան կազմակերպութեանց, որոնց շարքին՝ Հայաստանի անկախութեան հայկական յանձնախումբը եւ ՀՅԴն, այլ նաեւ յառաջացուցած է զանազան յանձնախումբեր, որոնց շարքին՝ Ֆրեզնոյի մէջ Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանի եւ Մոնթեպելլոյի մէջ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանի կառուցման նպատակներով կազմուած մարմինները։
1957ին, ան հանդիսացած է Լոս Անճելըսի Քեսապի ուսումնասիրաց միութեան հիմնադիրներէն մէկը, իսկ 1969ին հիմնադիր ատենապետը եղած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ՝ Քալիֆորնիոյ Համազգայինի եւ ՀՄԸՄի հիմնադիր վարչութեանց անդամ։ 1978ին հաստատած է Հայկական ազգային ձայնասփիւռի ժամը, իր կնոջ՝ Քնարի հետ, մէկ ու կէս տարի շաբաթական յայտագիրներ արձանագրելով։ Վերջին 50 տարիներուն, Մանճիկեանները նեցուկ կանգնած են «Ասպարէզ» թերթին՝ յօդուածներ գրելով անոր համար։
1992ին, Մանճիկեան ամոլը նախաձեռնած է ՀՅԴ ալպոմ-ատլասներու երկլեզու հրատարակութեան խմբագրման, իսկ անկէ ետք՝ Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողներու վկայութիւններու անգլերէն թարգմանութեան եւ հրատարակութեան գործին։ Մանճիկեաններուն հիմնած «Ցեղասպանութեան Գրադարան»ը 2005էն ի վեր հրատարակած է վեց հատորներ:
Լոս Անճելըսի Քեսապի ուսումնասիրաց միութեան 2015ի «Տարուան Անձնաւորութիւնը» հռչակուելէն առաջ, Յակոբ Մանճիկեան արժանացած է շարք մը այլ պատիւներու, որոնց կարգին՝
– 2001ին, «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով մեծարուած է Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ, հայութեան մատուցած իր սպասարկութեանց համար.
– «Ցեղասպանութեան Գրադարան»ի «Passage Through Hell» հատորի հրատարակման առիթով, Յունիս 7, 2005ին Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը դրուատած է Մանճիկեանները.
– Մայիս 21, 2014ին, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ պատուած է Մանճիկեանները, Ցեղասպանութենէն 5 վերապրողներու վկայութիւնները հրատարակելնուն համար.
– Ապրիլ 23, 2014ին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդը մեծարեց Յակոբ Մանճիկեանը, ամերիկահայութեան մատուցած իր նուիրեալ ծառայութիւններուն համար։
Հակառակ բազմաթիւն ծրագիրներով զբաղած ըլլալուն, իր սիրելի Քեսապը միշտ յատուկ տեղ ունեցած է Յակոբ Մանճիկեանի մօտ, որ անխախտ պահած է իր ծննդավայրին նկտամամբ հաւատարմութիւնը՝ ծառայութիւններ մատուցելով ի սպաս անոր։ Քեսապի ուսումնասիրաց միութեան կոչին անսալով՝ ան առաջնորդած է Քեսապի մէջ երկրորդական վարժարան մը հաստատելու նպատակով դրամահաւաքի արշաւ եւ անոր գլխաւորած յանձնախումբը գոյացուցած է 121,000 տոլար։ Ան նաեւ Քեսապի ուսումնասիրաց միութեան նուիրուած հատորի մը վրայ կ՛աշխատի։
Վերոնշեալ ձեռնարկին ընթացքին, 90ամեայ Մանճիկեան 15 վայրկեաննոց ելոյթ մը ունեցաւ՝ շեշտելով հայրենիքի կարեւորութիւնը, ապա խօսքը աւարտեց Յովհաննէս Թումանեանի «Թմբկաբերդի Առումը» գործին վերջին հատուածը արտասանելով։
Ձեռնարկին հանդիսավարն էր Քեսապի զաւակ Գարեգին քհնյ. Պետուրեանը, իսկ երեկոն աւարտեցաւ Քեսապի քայլերգին վերածուած «Կիլիկիա»ի երգեցողութեամբ։
Լոս Անճելըսի Քեսապի ուսումնասիրաց միութիւնը կ՛ուզէ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել Քեսապի օժանդակութեան հիմնադրամին յատկանշական նուիրատուութիւններ կատարած հետեւեալ անձնաւորութեանց՝
– Սեւակ Սաղտճեանի եւ Նայիրի Սաղտճեան-Քասարճեանի՝ «Specialty Car Craft Motor Group»էն.
– Տոքթ. Հայկ եւ տիկին Հիլտա Մանճիկեաններուն եւ Երկիր ու մշակոյթ կազմակերպութեան.
– Տոքթ. Ճորճ Աբէլեանի.
– Շողեր Պաղտուտ-Թիլքեանի.
– Մայքըլ Պետէրեանի, Քեսապի ուսումնասիրաց միութեան կեդրոնին կատարած նուիրատուութեան համար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.