Արդարեւ, համալսարանի շրջափակէն ներս գտնուող երկու տարբեր բեմերու վրայ, մէկ կողմէ ելոյթ պիտի ունենան արդի արհեստագիտութեան տարբեր ոլորտներու առաջնորդ դէմքեր, իսկ միւս կողմէ՝ նորարար երաժիշտներ եւ արուեստագէտներ։
Առաջիններուն շարքին են Ալեքսիս Օհանեան («Ռետի»չ), Ռաֆֆի Գրիգորեան («Թուիթըր»), Լարա Սեդրակեան («Նիուզ Տիփլի»), Ալեքս Սերոբեան («Հէյլօ»), Զարեհ Պաղտասարեան («Արմօուէյ») եւ Էլ Եսայեան, իսկ արուեստագէտներու շարքին են Սեպուհ Սիմոնեան, Պէյ Ռու, «Քոլեքթիֆ մեծ պազար», Սիմա Քանինկհեմ, Վահէ Պէրպէրեան եւ Էրիք Նազարեան։
Հաւաքին ներկայ պիտի ըլլան նաեւ արդի արհեստագիտութեանց հայկական ընկերութիւններու եւ քաղաքացիական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, իրենց գործունէութեանց մասին տեղեկութիւններ ծանուցելու համար։ Անոնց շարքին են «ԼայընՇարփ», «Զանկի», «ՓիքսԱրԹ», «Թիմըպըլ», «Հայվ», «Թումօ», «Սիվիլնե»չ, «Տեբի Հայք», «Յուշամատեան», «Փարոս», Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը եւ ուրիշներ։
Նաեւ, ամբողջ օրուան ընթացքին ուտեստեղէնի զանազան շարժուն կառքերէ տարբեր տեսակի ճաշեր պիտի մատուցուին՝ յիշեցնելով, որ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ ճաշի այդօրինակ մատուցման նախակարապետները եւս հայեր եղած են։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (213) 347-4931 թիւին կամ այցելել http://tinyurl.com/innovatearmenia կայքէջը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.