ՀՕՄի «Կարս» մասնաճիւղի անդամուհիները Չորքշաբթի, Փետրուար 4, 2015ի կէսօրին հաւաքուած էին գումարելու իրենց տարեկան ընդհանուր ժողովը: Ինչպէս յաճախ, այս անգամ եւս, ժողովականներուն առջեւ իր տան դռները բացած էր ազգային բարերարուհի Աշխէն Փիլաւճեանը, ըլլալով հովանաւորը սոյն ձեռնարկ-ժողովին:
Լոս Անճելըսի Սանթա Մոնիքա շրջանի անդամուհիները, որոնք կը գործեն «Կարս» մասնաճիւղէն ներս, այս հաւաքոյթին ընթացքին կատարեցին իրենց տարեկան հաշուետուութիւնը:
Ատենապետուհի Հուրի Գասապեան բարի գալուստ մաղթեց ժողովականներուն եւ ներկայացուց մասնաճիւղին գործունէութինը, ապա՝ հետագայ ծրագիրները:
«Կարս» մասնաճիւղի հովանաւորութեամբ, շրջանին մէջ կը գործէ Ուրբաթօրեայ դպրոցը, որուն յաջողութիւններուն մասին զեկուցեցին դպրոցի պատասխանատուներ Լենա Ազիրեանն ու Սիլվա Հիւսէնճեանը: Անոնք ներկայացուցին ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն կատարած գովելի աշխատանքը։
Նաեւ, կարդացուեցան Շրջանային վարչութենէն եկած նամակները: Ձեռնարկին մասնակից անդամուհիներու նիւթական հանգանակութիւնը եղաւ այն աւիշը, որ միանալով Շրջանային վարչութեան մայր երակին՝ ուժ պիտի տայ եւ զօրացնէ բոլոր ՀՕՄուհիներուն տարած աշխատանքը:
Յարատեւութիւն կը մաղթենք ՀՕՄի մեծ ընտանիքին եւ մանաւանդ «Կարս» մասնաճիւղի անդամուհիներու նուիրեալ ծառայութիւններուն:
(Թղթակցութիւն Մասնաճիւղէն)