ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Հովանաւորութեամբ Սանթա Քլարայի ՀՅԴ «Սարտարապատ» կոմիտէութեան, նախաձեռնութեամբ նոյն շրջանի ՀՕՄի «Ակնունի» մասնաճիւղին, Վահան Զանոյեանի երկու գիրքերուն՝ «Հեռաւոր Մի Տեղ»ին եւ «Օհանավանքի Աղաւնիները»ին, ներկայացումը հեղինակին կողմէ տեղի ունեցաւ Կիրակի 25 Յունուար 2015ին, կէսօրէն ետք ժամը 4էն սկսեալ, Սանթա Քլարայի «Triton Museum of Art»ի սրահին մէջ: Հանդիսութեան ներկայ էին Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ հովիւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան, շրջաններու պատկան մարմիններու եւ յարակից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ շուրջ 200 հանդիսականներ, որոնք եկած էին լսելու այս հետաքրքրական նիւթը:
Ցերեկոյթի բացումը կատարեց շրջանի ՀՕՄի «Ակնունի» մասնաճիւղի ատենապետուհի Վերա Գամպուրեան, որ ողջոյնի խօսքէն ետք շեշտը դնելով օրուան նիւթին՝ մարդու առեւտուրին վրայ, ըսաւ, թէ լուրջ եւ նշանակալից նիւթ է այս, որ կը մտահոգէ մեզ, ոչ միայն որպէս մարդ արարած, այլ նաեւ որպէս հայ ժողովուրդ: Մարդկային առեւտուր. երբ այս երկու բառերը կը լսենք, հաւանաբար մտածենք պատահարներու մասին, որոնք եղած են անցեալին. նաեւ կրնանք մտածել, թէ արարքներ պատահած են անցեալին՝ հարիւրաւոր տարիներ առաջ: Անհասկնալի, անըմբռնելի է մեզի համար սակայն, որ նման դէպքեր կը պատահին եւս ներկայիս, զարգացած ու արդի աշխարհի ժամանակաշրջանին: Յունուար ամիսը Մարդկային առեւտուրի իմացութեան արթնութեան ամիս է. ցաւալին այն է, որ տակաւին մարդկային առեւտուրը, մարմնավաճառութիւնը մեր շուրջ, օր ցերեկով կը կատարուի ու մենք չենք տեսներ:
Վերոյիշեալ գիրքերուն հեղինակին՝ մտաւորական Վահան Զանոյեանի, կեանքին ու գործունէութեան մասին զեկուցեց տոքթ. Մարիամ Մանուկեանը, որ ըսաւ. «Զանոյեան իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է նախ Պէյրութի Հայ Աւետարանական քոլեճէն եւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն, ապա ուսումը շարունակած է Ամերիկայի մէջ՝ յաճախելով Փենսիլվենիոյ համալսարանը: Ան հեղինակ է երկու բանաստեղծական հատորներու՝ «Վերադարձ»՝ 2010ին, եւ «Եզրէն Դուրս»՝ 2011ին: Ան խորապէս ազդուած Հայաստանէն դուրս մարմնավաճառութեամբ զբաղող երիտասարդ աղջիկներով. հանդիպելով անոնց ու լսելով իրենց սրտցաւ պատմութիւնները՝ ան գրած է երկու վէպերը՝ «Հեռաւոր Մի Տեղ»՝ 2013ին, եւ «Օհանավանքի Աղաւնիները»՝ 2014ին: Զանոյեան եղած է միջազգային ուժանիւթի փորձագէտ եւ խորհրդատու՝ բազմաթիւ Միջազգային քարիւղի ընկերութիւններու, դրամատուներու եւ կարգ մը հանրային ընկերութիւններու:
Համայն հայութիւնը յուզող ու ցնցող իր նիւթի վերլուծումներուն Վահան Զանոյեան սկսաւ՝ ըսելով. «Մարդկային առեւտուրը (human trafficking) համաշխարհային երեւոյթ է եւ ո՛չ զուտ հայկական: Սակայն վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին, այդ ցաւալի ախտը տարածուած է նաեւ Հայաստանի մէջ: Կարեւոր է նաեւ սկիզբէն շեշտել, թէ ես մարդկային առեւտուրի մասնագէտ չեմ: Այն, ինչ գիտեմ այս նիւթին մասին, սորված եմ երկու վէպերուս առնչութեամբ տարած հետազօտութիւններէս: Առաջին վէպը՝ «A Place Far Away»ը, հրատարակուեցաւ 2013ին եւ արդէն իսկ թարգմանուած է արեւելահայերէնի՝ «Հեռաւոր Մի Տեղ» խորագիրին տակ: Երկրորդը՝ «The Doves Of Ohanavank»ը, հրատարակուեցաւ 2014ին, եւ այժմ գիրքի թարգմանութիւնը ընթացքի մէջ է:
Մարդկային առեւտուրի երեւոյթը Հայաստանի մէջ առնչուած է Սովետական Միութեան փլուզման հետ: Մեր կեանքի ընթացքին, ամէնէն կարեւոր համաշխարհային դէպքը Սովետական Միութեան փլուզումն էր: Շատ բան գրուած է այդ փլուզումի ազդեցութիւններուն եւ միջազգային առեւտրական մրցակցութեան մասին, համաշխարհային ուժանիւթի քաղաքականութեան ու շուկաներուն մասին եւ այլն: Սակայն գրեթէ ոչինչ գրուած է Սովետական Միութեան փլուզման՝ անհատներու եւ ընտանիքներու կեանքին մէջ ունեցած հետեւանքներուն մասին: Ճշմարտութիւնը այն է, որ տնտեսական, ընկերային եւ հասարակական շատ կառոյցներ քանդուեցան Սով. Միութեան փլուզումով: Մինչ հին կառոյցները քանդուեցան, զանոնք փոխարինող կառոյցներ չստեղծուեցան: Ոճիրները ընդհանրապէս շատցան եւ ոճրագործները աւելի ազատ ու համարձակ եղան: Այս բոլորը՝ գումարած համատարած աղքատութեան, քայքայուած ընտանիքներուն եւ սովետական ժամանակներուն պատճառած բարոյական անկումին, ծնունդ տուին լայնատարած մարմնավաճառութեան եւ սեռային առեւտուրի»:
Զանոյեանի սոյն երկու վէպերու գլխաւոր հերոսուհին՝ տասնվեցամեայ Լարա Գալեանը, որ ծնած է հայաստանեան աղքատ գիւղերէն մէկուն մէջ, օժտուած է բացառիկ գեղեցկութեամբ: Նորանկախ Հայաստանի անբարոյ օլիգարխները հայրենիքէն դուրս գործելու լայն հնարաւորութիւն ունին: Անգութ ու դաժան Սերգէյ Այվազեանը Լարայի հօր կ՛առաջարկէ դառնալ Լարայի վերակացուն՝ «մենեճըր»ը, խոստանալով Լարային համար «մատըլ»ի փայլուն ապագայ: Հայրը կը մերժէ առաջարկը, սակայն քանի մը օր ետք Լարայի հայրը կը գտնուի սպաննուած: Ամիս մը ետք, Լարայի մայրը կ՛ընդունի նոյն առաջարկը ու Լարան շուտով կը յայտնուի Այվազեանի տունը, ուր վայրագօրէն բռնաբարուելէ ետք՝ կ՛ուղարկուի Մոսկուա:
Բռնութեամբ մարմնավաճառութեան մէջ նետուած՝ Լարան կը մերժէ իրեն առաջարկուած նոր ճակատագիրը: Սակայն, ան կը ստիպուի ստանձնելու իր նոր առօրեայով պարտադրուած պարտականութիւնները՝ նախ Մոսկուայի մէջ, ապա Տուպայի, ուր կը վաճառուի տեղացի մեծահարուստներէն մէկուն՝ ամբողջացնելով անոր «հարեմ»ի թիւը: Իր նոր կեանքի սարսափելի իրականութիւնը դիմագրաւելով հանդերձ, Լարան կը ծրագրէ իր փախուստը: Մինչ այդ, զուիցերացի հետաքննող, լրագրող Եդուարդ Լորեան, որ այդ ժամանակ կը գտնուէր Հայաստան, կը սկսի օգնելու Լարային ու իր ընտանիքին: Ժամանակ առ ժամանակ, յաջողութեան հասնելու Լարայի հաւանականութիւնը կարծես կը պակսի. բայց փոքրաթիւ դաշնակիցներով եւ իր ընտանիքի մեծագոյն քաջութեամբ, բարոյական խմորումով եւ անզիջող ոգիով Լարայի ճակատագիրը տակաւին անյայտ է:
Նկատի ունենալով նիւթին ծանրակշռութիւնն ու լրջութիւնը՝ եղան բազմաթիւ հարցումներ, որոնց հանգամանօրէն պատասխանեց յարգելի բանախօսը։ Պատասխանելով մեր այն հարցումին, թէ մարմնավաճառութեան համար հայրենիքը լքողներուն թիւը որքա՞ն է, արդեօք հարիւրներո՞վ, հազարներո՞վ, թէ աւելի, բանախօսը ըսաւ, թէ շատ դժուար է պատասխանել այս հարցումին, որովհետեւ որեւէ լուրջ ուսումնասիրութիւն չկայ այդ մասին: Իսկ այն հարցումին, թէ հայ կամ օտար այն կազմակերպութիւնները, որոնք կը փորձեն օգնել այս դժբախտներուն, ինչո՞վ կրնան օգտակար դառնալ կացութեան, ան պատասխանեց՝ նիւթական ու բարոյական նպաստներով միայն, այդքա՛ն: Մեր վերջին հարցումին՝ «Պրն. Զանոյեան, այս բոլոր ողբերգական հարցերուն մասին մասնագիտական երկու հատորներ գրած էք. ի՞նչ ձեւով կարելի է կասեցնել այս անհաճոյ ընթացքը», ան պատասխանեց. «Ես առայժմ որեւէ կարելիութիւն չեմ տեսներ լրիւ կասեցնելու, բայց շատ կարելիութիւններ կան զգալիօրէն թեթեւցնելու այս աղէտը՝ հանրային գիտակցութիւնը մշտապէս վառ պահելով այս երեւոյթին նկատմամբ»: Զանոյեան կարեւոր կը համարէ հանրային գիտակցութեան գործօնը այս երեւոյթին դէմ պայքարելու համար, եւ այդ հանդիսացած է իր վէպերը գրելու գլխաւոր դրդապատճառը: