Այս առթիւ Լոս Անճելըսէն յատկապէս հրաւիրուած էր Ամերիկայի Խարբերդ մշակութային միութեան հիմնադիր կազմի վարչութեան ատենապետ եւ «Մաշտոց» քոլեճի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանը, որուն կ՛ընկերանային վարչական իր գործընկերներէն Արա Ահարոնեանը, Յասմիկ Աճէմեանն ու Գրիգոր Գիզիրեանը:
Յիշենք, որ ամէն տարուան նման, անցեալ 2014ի Յուլիսին, ատենապետ Տէր Եղիայեան կրկին անգամ կազմակերպելով ուխտագնացութիւն մը դէպի Արեւմտեան Հայաստան՝ իջեւանած էր Խարբերդ ու այս առթիւ բազմաթիւ յիշատակելի լուսանկարներ առած եւ անոնցմով կազմած էր սահիկներու յատուկ բաժին մը:
Այս պատմական ձեռնարկին, շրջանի հոգեւոր հովիւ Վահան քհնյ. Կոստանեանի կողքին ներկայ էին ֆրեզնօբնակ ազգայիններ եւ մեծ թիւով խարբերդցի հայրենակիցներ, որոնք ընդառաջելով սոյն նախաձեռնութեան՝ եկած էին տեսնելու երբեմնի հայատրոփ Խարբերդի ներկայ պատկերները՝ ականատեսի մը ոսպնեակէն վերցուած:
Օրուան յայտագիրի պաշտօնական բաժինին, բարի գալուստի եւ շնորհակալութեան խօսքերով ելոյթ ունեցաւ Տիրուհի Քիւբելեանը: Իր կարգին, յանուն Ամերիկայի Խարբերդ մշակութային միութեան, հիմնադիր վարչութեան փոխատենապետ Արա Ահարոնեան նախ անդրադարձաւ միութեան ընդահանուր ծրագիրներուն, ապա՝ յատկապէս Ֆրեզնոյէն ներս անդրանիկ մասնաճիւղի մը ստեղծման: Ան յատնեց, թէ յառաջիկայ Մարտին, միութեան հիմնադրութեան առաջին տարեդարձին առիթով, ծրագրուած է այս մէկը իրականութիւն դարձնել պաշտօնապէս:
Ներկայացուեցաւ օրուան զեկուցաբեր դոկտ. Տէր Եղիայեանը, ապա ներկաները իրենց սպառիչ պացատրութիւններով եւ տուեալներով դիտեցին ցուցադրուած սահիկները: Բոլոր նկարները հարազատօրէն ցոյց կու տային մեր պատմական հողերու ներկայ իրավիճակը, Խարբերդի եւ շրջակայքի քարուքանդ եղած մեր պապենական գիւղերն ու վարժարանները, աւաններն ու աւերակ եկեղեցիները: Յաջորդաբար ցուցադրուեցան Բալուի, Բրջենջի, Հաւաւի, Մեսրոպ լերան, Իջմէի, Չմշկածագի նկարները, հետաքրքրական ու պատմական տուեալներու եւ բացատրութիւններու ընկերակցութեամբ:
Զեկուցաբերը իր մեկնաբանութիւններով ներկաները փոխադրեց դար մը առաջ հայութեամբ եւ հայկականութեամբ շնչող մեր պատմական օրրանը, որ 1915ին հայաթափ եղաւ Մեծ Եղեռնի հայաջինջ Ցեղասպանութեամբ։
Շուրջ երկու ժամուան ընթացքին, սրահէն ներս տիրեց խանդավառ ու խարբերդաբոյր մթնոլորտ մը, որ անկասկած ներկաներու միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ ձգեց հարազատ պատմական դրոշմ մը:
(Թղթակցութիւնը՝ Միութենէն)