ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Չորեքշաբթի, Փետրուար 4ին, Եւրոպական Միութեան խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցաւ Եւրոխորհրդարան-Հայաստան բարեկամութեան խումբի վերակազմութեան յայտարարութեան պաշտօնական արարողութիւնը: Այսպիսով, Եւրոխորհրդարանի 8րդ նստաշրջանը՝ Եւրոխորհրդարանի Մայիս 2014ի ընտրութիւններէն սկսեալ, ունեցաւ վերակազմուած բարեկամութեան խումբը, Եւրոխորհրդարանի մէջ ներկայացուած քաղաքական բոլոր խումբերէն 45 անդամներու մասնակցութեամբ:
Հայաստանի հետ Բարեկամութեան խումբը առաջին անգամ կազմուած էր Յունուար 2013ին. անոր յայտարարութեան ընթացքին ներկայ էր այն օրերուն ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան եւ Հայաստանէն մեծ թիւով պատգամաւորներ:
Չորեքշաբթի օրուան վերակազմութեան արարողութեան ընթացքին Բարեկամութեան խումբի նախագահ վերահաստատուեցաւ դոկտ. Էլէնի Թէոխարուս (Կիպրոս, Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն-քրիստոնեայ դեմոկրատ խմբակցութիւն), իսկ փոխնախագահներ հաստատուեցան՝ դոկտ. Չարլզ Թանոք (Անգլիա, Եւրոպայի պահպանողականներու եւ բարեփոխումներու խմբակցութիւն), Ֆրանք Էնկել (Լիւքսեմպուրկ, Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն-քրիստոնեայ դեմոկրատ խմբակցութիւն), Միշել Ռիւազի (Ֆրանսա, Կանաչներ-Եւրոպայի ազատ դաշինք խմբակցութիւն) եւ Միլթիատիս Քիրքոս (Յունաստան, Ընկերվար դեմոկրատ յառաջդիմական դաշինք խմբակցութիւն):
Դոկտ. Թէոխարուս իր ողջոյնի խօսքին ընթացքին ներկայացուց խումբի առաքելութիւնը եւ կարեւորութիւնը, յատկապէս Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընթացքին: Ան կարեւորեց Արցախի հիմնահարցի, հայկական դարաւոր մշակոյթի եւ պատմութեան ներկայացումը եւրոպական քաղաքական շրջանակներուն եւ հասարակութեան, ինչպէս նաեւ խումբին կողմէ ունենալիք ներդրումին՝ Հայաստանի դէպի Եւրոպա մերձեցման: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ Բարեկամութեան խումբը աշխատանք պիտի տանի ընդլայնելու իր անդամներուն թիւը, կոչ ուղղելով եւրոերսփոխաններուն միանալու Բարեկամութեան խումբին:
Ապա, իր հերթին, խօսք առաւ Եւրոպական Միութեան մօտ ՀՀ մշտական դեսպան Թաթուլ Մարգարեան. ան իր երախտիքը յայտնեց դոկտ. Թէոխարուսին եւ խումբին մասնակից եւրոերեսփոխաններուն: Դեսպան Մարգարեան նաեւ անդրադարձաւ ՀՀ-ԵՄ դրական նոր տեղաշարժներուն եւ ակնկալուած դրական արդիւնքներուն մասին: Ան յայտարարեց նաեւ, որ բանակցութիւնները լաւ ընթացքի մէջ են, նշելով Եւրոպական Միութեան պատասխանատու յանձնակատարին յայտարարութեան, թէ Հայաստան յառաջիկային կրնայ ունենալ նոր համաձայնագիր մը Եւրոպական Միութեան հետ:
Եւրոպայի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան իր ելոյթին մէջ շեշտեց Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի գոյութեան կարեւորութիւնը, որ իր գործունէութեամբ կրնայ աւելի լաւ եւ ճիշդ կերպով կատարել Եւրոպական Միութեան կողմէ ընկալումը Հայաստանի դիմագրաւած հիմնահարցերուն, անդրադառնալով նաեւ Թուրքիոյ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ վարած ժխտողական քաղաքականութեան, ու վստահեցուց խումբի անդամները եւ ներկաները, թէ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը ամբողջական կերպով զօրավիգ պիտի կանգնի խումբի աշխատանքներուն:
Բարեկամութեան խումբի քարտուղար կը շարունակէ հանդիսանալ Եւրոխորհրդարանի աշխատակից Արմէն Անտոնեանը:
Վերակազմութեան արարողութեան ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ եւրոերեսփոխաններու պատուիրակութիւն մը Ապրիլ 24ին պիտի այցելէ Հայաստան՝ ներկայ գտնուելու Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի միջոցառումներուն: Բարեկամութեան խումբը իր առաջին նիստին ընթացքին պիտի մշակէ յաջորդ քառամեակին կատարելիք իր գործունէութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.