Համաձայնագիրը կ՛ընդգրկէ.
Ա. Հայագիտական ու ընկերաբանական նիւթերու ուսուցիչներու փոխանակում եւ ուսուցչական կազմերու միջեւ գործակցութիւն:
Բ. Դպրեվանքէն շրջանաւարտներուն տրուելիք լայն կարելիութիւններ, իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակելու Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս:
Համաձայնագիրի ստորագրութեան պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ՀՀ կրթութեան նախարարութենէն ներս: Դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան եւ Երեւանի Պետական համալսարանի ռեկդոր Արամ Սիմոնեան ստորագրեցին համաձայնագիրը, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի եւ հայագիտական ու պատմական բաժիններու կրթական պատասխանատուներու ներկայութեան:
Այս առիթով, վեհափառը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարին, գիտութեան եւ կրթութեան նախարարին ու Երեւանի Պետական համալսարանի տնօրէնին՝ շեշտելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի կրթական կառոյցներուն համատեղ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.