Թրքական «T24.com» կայքին համաձայն՝ թրքական «Իլեթիշիմ» հրատարակչատան կողմէ հրատարակուած սոյն գիրքի գլխաւոր ականատես Սարգիս Գրիգորեանը մանրամասն պատմած է Տերսիմի Խոզաթի շրջանի Զըմեք գիւղին մէջ տեղի ունեցած կոտորածներուն մասին:
Տերսիմի կոտորածներուն ընթացքին 12 տարեկան եղած Սարգիսը պատմած է, թէ իրենց գիւղին մօտ գտնուող Սպիտակ լերան վրայ տեղաւորուած թուրք զինուորներուն հետ գիւղի բնակչութեան յարաբերութիւնները այնքա՛ն լաւ եղած են, որ ոչ մէկուն միտքէն կ՛անցնէր, թէ օր մը անոնք կրնան դաժանօրէն ջարդել գիւղացիները:
Սարգիս յիշած է, որ կոտորածը սկսելէն միայն մէկ օր առաջ, գիւղի տղամարդիկ այցելած էին զինուորներուն եւ գիւղէն իրենց տարած միսով խորոված ըրած ու զինուորներուն հետ միասին կերած էին:
Սարգիս շեշտած է, որ յարձակումին օրը, զինուորներ կրակած են բոլորին վրայ, անխտի՛ր, իսկ ինք մահացած ձեւանալով՝ կրցած է փրկուիլ, սակայն իր կողքին սպաննուած են իր մայրն ու քոյրը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Nuin bane aretsin krdere yev aisor menk nrants het “yeghbairanum” enk. Mi hat el yerg sarkenk dra masin.