ԵՐԵՒԱՆ.– 6 Փետրուարին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան պաշտպանութեան նախարարութեան Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական հաստատութեան անձնակազմին ներկայացուցած է Հայաստանի նախագահի հրամանագիրով հաստատութեան պետի պաշտօնը ստանձնած զօր. Արմէն Ղահրամանեանը:
Ողջունելով հաստատութեան անձնակազմը եւ ներկայացնելով Արցախեան պատերազմի ընթացքին մարտական գործողութիւններուն աշխոյժ մասնկացութիւն բերած եւ մինչեւ օրս բազմաթիւ զինուորական բարձր պաշտօններ վարած զօր. Արմէն Ղահրամանեանը՝ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յոյս յայտնած է, որ իրականացուած մարդուժի եւ ծրագրային արմատական փոփոխութիւնները, կրթական նոր չափանիշներու եւ չափորոշիչներու ներդրումը կարելիութիւն պիտի տան լուսարձակի տակ առնելու այն բացթողումներն ու արատաւոր երեւոյթները, որոնց իբրեւ հետեւանք տեղի ունեցած է 29 Յունուարի ողբերգական միջադէպը, եւ կարճ ժամանակի ընթացքին կարելի կ՛ըլլայ վերականգնել ռազմական հաստատութեան բարի համբաւը: «Նոր պետի նշանակմամբ, յետայսու առաւել բարձր մակարդակով են իրականացուելու հայկական զինուած ուժերի սպայակազմի կերտման հիմնական դարբնոց հանդիսացող ռազմական ինստիտուտի առջեւ դրուած խնդիրները, որոնց մէջ առաւելապէս խիստ ուշադրութիւն է դարձուելու կուրսանտների կրթելու, դաստիարակութեան եւ կարգապահութեան ամրապնդման խնդիրներին», յայտնած է նախարարը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.