ԱՄՄԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Յորդանանի վարչապետ Ապտալլա Նսուր միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ պայքարին մէջ աջակցելու Յորդանանին: Ան ըսաւ, որ իր երկիրը «ահաբեկչական խմբաւորումներու չարիքներէն» իր սահմանները պաշտպանելուն եւ «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարի միջազգային դաշինքին մէջ իր դերակատարութիւնը ամրապնդած է: Ան Բրիտանիոյ միջազգային զարգացման հարցերու նախարար Ճասթին Կրինինկի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ Բրիտանիա Յորդանանին աջակցութիւն տրամադրած է, «ինչ որ կարեւոր է, սակայն աւելի կարեւորը այն է, որ Բրիտանիա միջազգային ընտանիքը մղէ ահաբեկչութեան դիմակայման մէջ Յորդանանին օժանդակելու»:
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զոհպի Յորդանանն ու Ծոցի երկիրները զգուշացուց ահաբեկչութեան աջակցելէ՝ աւելցնելով, որ Ամմանի կառավարութիւնը կը յայտարարէ, թէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութեան» դիրքերը ռմբակոծած է, մինչ Սուրիոյ հետ իր սահմանին վրայ աչք կը խփէ ահաբեկիչներու ներկայութեան ի տես:
Իր կարգին, Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ յայտնեց, թէ «Յորդանան ահաբեկիչներուն ապաստան կու տայ եւ զանոնք կը մարզէ», աւելցնելով, որ Դամասկոս մեծապէս ինքնազսպում ցուցաբերած է՝ «մեկնելով Յորդանանի եւ այլ երկիրներու մէջ մեր հարազատներուն չվնասելու իր նախանձախնդրութենէն»:
Երկուշաբթի օր, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմ աւելցուց, թէ Սուրիա պիտի չարտօնէ, որ յորդանանեան կամ այլ երկիրներու ցամաքային ուժերը Սուրիոյ սահմաններէն ներս մտնեն, «Իսլամական պետութեան» դէմ իրենց գործողութեանց ծիրէն ներս, որովհետեւ՝ «անոնց կարիքը չունինք»։
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի յայտնեց, որ միջազգային դաշնակից ուժերը յաջողած են «Իսլամական պետութեան» գրաւած տարածքներուն մէկ հինգերորդը ազատագրել եւ սպաննել անոր ղեկավարներուն կէսը: «Պէտք է այս վճռակամութեամբ շարունակենք», ըսաւ ան:
Յորդանանեան օդուժի հրամանատար Մանսուր Ժապպուր, իր կարգին, յայտնեց. «Մեր վերջնական նպատակը «Իսլամական պետութիւն»ը աշխարհի երեսէն բնաջնջելն է, իսկ օդային հարուածները թիրախ դարձուցած են խմբաւորման իշխանը՝ Ապուպաքր Պաղտատին»: Ան նշեց, թէ Քոպանիի դէմ օդային հարուածներուն պատճառով, «Իսլամական պետութեան» անդամ 7000 զինեալներ սպաննուած են:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.