Մանուէլ Գրաճեան Հէյլի եւ ամերիկեան իշխանութիւններուն շնորհակալութիւն յայտնեց՝ անոնց կատարած այս որակաւոր զինուորական օժանդակութեան համար:
Իր կարգին, Հէյլ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ այս օժանդակութիւնը պիտի շարունակուի, արտացոլացնելով երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական յարաբերութիւնները: Հէյլ նաեւ ընդգծեց, որ օժանդակութիւնը կարեւոր է ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու համար: Ան աւելցուց, որ բանակին մէջ կատարուած այս նուիրատուութիւնը կը համապատասխանէ լիբանանեան բանակի կարիքներուն:
Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ վերջերս լիբանանեան բանակին տրամադրուած է մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք, որոնք ընդգրկած են հրասայլերու համար օգտագործուող յատուկ հրթիռներ, արդի գնդացիրներ, զրահապատներ, հաղորդակցութեան յատուկ սարքեր եւ ռազմափորձերու ծրագիրներ: Այս օժանդակութեան արժէքը 25 միլիոն տոլար է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.