ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
Շուրջ երեսուն տարի (1977-2006), «Նոր Օր» պաշտօնաթերթի էջերը հարստացնող «Լուսարձակին Տակ» վերնագրուած առաջնորդող վերլուծումներու եւ տեսութեանց ստուար հաւաքածոյ մը՝ շուրջ 1300 էջերու մէջ, ներփակուած է երկարամեայ հասարակական գործիչ, ուսուցիչ ու լրագրող Վաչէ Սեմերճեանի զոյգ հատորներուն մէջ։
Ալթատինայի Թ.Մ. Միութեան Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի սրահը, Ուրբաթ Յունուար 30ի երեկոն ժամադրավայրն էր միութենական եւ մտաւորական բարեկամներու։ Ձեռնարկը հովանաւորութիւնը կը վայելէր թեմի բարեջան առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանին։ Ներկայ էին մեծարեալին բարեկամ կրօնականներ, Միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, որոնք երկրին տարբեր քաղաքներէն ժամանած էին գինեձօնին առիթով, ինչպէս նաեւ մեր համայնքէն ներս հանգամանք ունեցող հասարակական գործիչներ։
Խնամուած յայտագիրին ընթացք տուաւ Սեմերճեանի երկար տարիներու գործակից Բարսեղ Գարթալեանը, որ հակիրճ խօսքով իր հրճուանքը յայտնեց բարեկամի մը գործին լոյս ընծայումին:
Առաջին խօսքով հանդէս եկաւ վարչական գործակից, գրականագէտ Լիլիթ Քէհէեանը: Ան բծախնդրօրէն ներկայացուց Հայաստանի եւ Արցախի հետ կապուած հարցերուն, մնայուն զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ կովկասեան կնճռոտ կացութեան ուղղուած Սեմերճեանի մեկնաբանութիւններն ու եզրակացութիւնները Ա. հատորին մէջ։
Հեղինակին չորս բարեկամներու ողջոյնի խօսքերէն առաջին ելոյթը կատարուեցաւ արձակագիր Սարգիս Վահագնի կողմէ, որու ջերմ արտայայտութիւնները ուղղուած էին հեղինակին հրապարագրական վաստակին։
Հեղինակին ու Միութեան գործունէութեան մօտէն ծանօթ, Լոս Անճելըսի Նահանգային համալսարանի ամերիկեան գրականութեան նախկին դասախօս դոկտ. Արփի Սարաֆեան դրուատեց Սեմերճեան մարդուն, լրագրողին եւ բարեկամին հաղորդական անձնաւորութիւնը։
Ողջոյնի իր որակաւոր խօսքով հանդէս եկաւ գրականագէտ, գրականութեան նախկին դասախօս Մարիա Քրիսեանը, որու ծանօթութիւնը հեղինակին՝ կու գայ Պէյրութի կենսունակ օրերէն։ Ան յիշեց Սեմերճեանի լրագրական առաջին քայլերուն յաջողութիւնները։
Չորրորդ սրտի խօսքը տրուեցաւ նախկին հալէպահայ մտաւորական գործիչ, սրտաբան Գրիգոր Ատանալեանին, որու հեղինակաւոր ու ազդու վկայութիւնը հաճելի էր ունկնդրել. մանաւանդ, երբ անգիր ելոյթ ունեցողներու թիւը զգալապէս պակսած է մեր բեմերէն։ Անկեղծ, կուռ եւ սրտամօտ ելոյթ մըն էր Ատանալեանի խօսքը։
Գեղարուեստական բաժինին մէջ առաջին ելոյթ ունեցողներն էին «Երկնային տաղեր» զոյգը՝ սրնգահար Սալբին եւ տաւիղահար Սօսին։ Բարձրօրէն գնահատուեցին դաշնակահար Շուշան Յակոբեանի եւ ջութակահար Օֆելիա Նանակիւլեանի կատարումները, մանաւանդ երբ Մոսկուայի օփերայի պասս կատարող Վաղարշ Մարտիրոսեան միացաւ զոյգին՝ Պելլինիի մէկ արիայի մեկնաբանութեամբ։
Վերջին խօսք առնողը եղաւ յատկապէս այս առիթով Տիթրոյթէն ժամանած Թէքէեան Մշակութային Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ, հանրածանօթ հրապարակագիր, գրադատական գիրքերու հեղինակ եւ հասարակական վաստակաւոր գործիչ Երուանդ Ազատեանը:
Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Յովնան սրբազանը, որ անդրադարձաւ Սեմերճեանի հետ իր բարեկամութեան՝ առաջնորդի պաշտօնի կոչուելէ ետք:
Յայտագրի աւարտէն անմիջապէս առաջ իր կուռ շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Վաչէ Սեմերճեան, որ նաեւ անդրադարձաւ «Լուսարձակին տակ» երկհատորեակին ծնունդին դրդապատճառներուն եւ անհրաժեշտութեան:
Ձեռնարկը զուարթ երեւոյթ մը ստացաւ, մանաւանդ երբ Սեմերճեան ներկայացուց Գինեձօնի գաղափարի ծնունդին պատճառներն ու գիրքը «գինիով լուալու» մանսակիցները հրաւիրելու նրբութիւնները: