ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Մամլոյ ազատութեան ցանկ»ին մէջ Հայաստան կը շարունակէ պահպանել նախորդ տարուան իր դիրքերը եւ կը գրաւէ 78րդ հորիզոնականը: Այս մասին նշուած է «Լրագրողներ առանց սահմաններու» միջազգային հասարակական կազմակերպութեան տարեկան զեկոյցին մէջ։
Ատրպէյճան նահանջած է 2 հորիզոնական եւ գրաւած 162րդ դիրքը՝ այդպիսով իսկ յայտնուելով վատագոյն ցուցանիշներ ունեցող 25 պետութիւններու ցանկին մէջ։ Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ Ատրպէյճանի մէջ մամլոյ ազատութիւնը առաւելագոյնս սահմանափակ է: Բոլոր անոնք, որոնք ինչ-որ ձեւով պահպանած էին իրենց անկախութիւնը, «կոտրուած են ֆինանսական ճնշման տակ» կամ պարզապէս անոնց գործունէութիւնը դադարեցուած է իրաւապահ մարմիններուն կողմէ: Միաժամանակ նշուած է, որ Ատրպէյճանի մէջ ձերբակալուած լրագրողներու եւ պլոկըրներու թիւը մեծագոյնն է Եւրոպայի մէջ։
Թուրքիա բարելաւած է իր դիրքերը 5 կէտով եւ յայտնուած 149րդ հորիզոնականին վրայ: Նախորդ տարուան ընթացքին Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած է 40 լրագրող, աշխատանքէ արձակուած են իշխանութիւնները քննադատող շարք մը ընդդիմադիր լրագրողներ: Երկրին մէջ առկայ է համացանցի գրաքննադատութիւն:
Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ լրատուամիջոցներու ազատութեան մակարդակը ամբողջ աշխարհին մէջ մեծապէս նուազած է։ Այդ իրավիճակը պայմանաւորուած է ծայրայեղական խմբաւորումներու, մասնաւորապէս «Իսլամական պետութեան» եւ «Պոքօ Հարամ»ի գործունէութեան աշխուժացումով։
Ըստ զեկոյցին՝ հետազօտութեան մասնակցած 180 երկիրներուն երկու երրորդը արձանագրած է նախորդ տարիներուն հետ բաղդատած վատագոյն արդիւնքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.