Ճարտարապետ Գէորգ Էօզգարակէօզ կը տեղեկացնէ, թէ յառաջիկայ Յունիս ամսուան մէջ կը սկսի քաղաքի «Թաշխորան» անունով ծանօթ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը: Պատուիրակութիւնը Մալաթիա կեցութեան շրջանին այցելած էր նաեւ քաղաքի «Վենք» կոչուած մատուռը, ուր արդէն կը շարունակուէին գրեթէ աւարտին հասած վերանորոգման աշխատանքները:
Սրբազանը եւ իր ընկերակիցները հոգեհանգիստի կարգ կատարեցին Մալաթիոյ հայոց գերեզմանատան նորակառոյց մատրան մէջ: Այս արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ մալաթիացի սակաւաթիւ հայերու կողքին՝ Էլազըղէն ժամանած հայերու 15 հոգինոց խումբ մը: Վերանորոգման ծախսերը պիտի ապահովուին Մալաթիոյ կուսակալութեան կողմէ: Վերաշինութեան նախագիծը պիտի պատրաստեն Գէորգ Էօզգարակէօզ եւ Կարպիս Էւեափան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.