ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հինգշաբթի, Փետրուար 19ին, պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ Անգարա ժամանեց Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Զինուորական ծառայութիւններու ենթայանձնախումբի ատենապետ Մայքըլ Թըրնըր, որ հանդիպումներ ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեքի եւ նախագահ Էրտողանի հետ։
Չիչեք, ընդունելով Թըրնըրն ու իր ընկերակիցները՝ օրակարգի բերուած այլ հարցերու կարգին անդրադարձաւ նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան։ Ան ընդգծեց, որ Ամերիկայի հայկական լոպին մեծ աշխատանք կը տանի «1915ի դէպքերը» քաղաքական օրակարգի վրայ պահելու համար, բայց Թուրքիա «վստահ է, որ Ամերիկայի իշխանութիւնները ողջամիտ պիտի գտնուին»։
Ըստ Չիչեքի՝ «Թուրքիա նպատակ չունի պատմութեան ընթացքին ապրուած ցաւերը գոցելու, բայց կը հաւատայ, որ խորհրդարանները պատմութեան խորհուրդներ չեն, այլ պատմաբաններն ու գիտնականներն են, որոնք իրականութիւնները երեւան պէտք է հանեն ու գնահատական տան անոնց»։
Ըստ Չիչէքին, «հայկական Սփիւռքը արատաւոր քարոզարշաւի մը ձեռնարկած է» եւ այս քարոզարշաւը կրնայ իր ժխտական անդրադարձը ունենալ Ամերիկա-Թուրքիա յարաբերութիւններուն վրայ։ «Մենք մեր բարեկամ երկիրներէն զօրակցութիւն կ՛ակնկալենք հետեւեալ նիւթին շուրջ. խորհրդարանները միջամուխ պէտք չէ ըլլան նման հարցերու», դիտել տուաւ Չիչեք։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.