«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Փետրուար 21ի գիշերը, Ատրպէյճանի ազգային դրամանիշը՝ մանաթը, 33.5 առ հարիւրով արժեզրկելու շուրջ կառավարութեան տուած որոշումն է այս իրարանցումին պատճառը. Պաքու այս որոշումը կապած է քարիւղի միջազգային գինի կրած անկումին հետ։
2014ի կէսէն ի վեր, «սեւ ոսկի»ն կորսնցուցած է իր արժէքին շուրջ 50 տոկոսը՝ մեծ հարուած հասցնելով քարիւղ արտադրող երկիրներուն:
Ատրպէյճանի տնտեսական զարգացման նախարարութիւնը յայտնած էր, որ վերահսկիչ մարմինները արդէն իսկ սկսած են ստուգումներ կատարելու խանութներու մէջ՝ գնաճի արհեստական դէպքերը կանխարգիլելու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.