
ՖՐԵԶՆՕ.- Կիրակի, Մարտ 8ին, կ.ե. ժամը 2ին, Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած համերգ մը տեղի պիտի ունենայ Ֆրեզնոյի մէջ, մասնակցութեամբ «Չուքասեան» համոյթին եւ Համազգայինի Լոս Անճելըսի Հովիտի մասնաճիւղի «Նայիրի» պարախումբին։
Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն կողքին, պիտի ոգեկոչուին նաեւ 1915-1923ի միջեւ սպաննուած յոյն եւ ասորի նահատակները։
Համերգը տեղի պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Ուսանողական միութեան սրահին մէջ (5280 Jackson Ave. Fresno, CA)։
Մասնակցութեան սակը 20 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 15։
Տեղեր կարելի է ապահովել՝ այցելելով brownpapertickets.com կայքը, կամ դիմելով (559) 449-9999, (559) 447-8380 ու (559) 225-7906 թիւերուն եւ chook3@qnis.net հասցէին։