ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած քանի մը տասնեակ դեսպաններու կիներ՝ «Բարի գալուստ Հայաստան» միութեան նախաձեռնութեամբ, 24 Փետրուարին այցելած են Կոմիտասի թանգարան–հիմնարկ։
Անոնք խոստովանած են, որ Կոմիտասի միջոցով աւելի խոր կերպով բացայայտած են Հայաստանն ու հայ մշակոյթը։ Անոնցմէ շատեր առաջին անգամ ըլլալով կը լսէին Կոմիտասի կեանքին ու ստեղծագործութիւններուն մասին եւ շուրջ մէկ ժամ նորաբաց թանգարան-հիմնարկին մէջ շրջագայելէ ետք հաստատած են, որ ան համաշխարհային մեծութիւն է:
«Բարի գալուստ Հայաստան»ի նախագահ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի կինը՝ Նատալեա Նալբանդեանն է, որ շեշտած է, թէ այսպիսով կ՛ուզէ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտար դիւանագէտներու կիներուն ներկայացնել հայկական մշակոյթն ու Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ պատմել Կոմիտասի մասին:
«Կոմիտասը համամարդկային, համաշխարհային մեծութիւն է: Այս այցելութեամբ ցանկանում եմ, որ մեր դիւանագէտների կանայք աւելի շատ իմանան Կոմիտասի մասին», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Ն. Նալբանդեան:
Թանգարան այցելութենէն առաջ դիւանագէտներուն կիները ծաղիկներ զետեղած են Կոմիտասի շիրմին վրայ:
Հայաստանի մէջ Չեխիոյ դեսպան Փէօթր Միքիսքան որոշած է ընկերակցիլ կնոջ: Ան նշած է, որ հետաքրքրական է այն իրողութիւնը, որ պէտք է աւելի մօտէն հաղորդակցիլ Հայաստանի մշակութային մեծագոյն անձնաւորութիւններէն մէկուն կեանքին ու ստեղծագործութիւններուն հետ: «Իւրաքանչիւր դիւանագէտ, որ առաջին անգամ կու գայ Հայաստան, պէտք է այցելէ Կոմիտասի թանգարան: Այդպիսով ան շատ բան կը գիտնայ ո՛չ միայն Կոմիտասի, այլ նաեւ Հայաստանի, հայ արուեստի մասին: Ուրախ եմ, որ այսօր թանգարան այցելեց նաեւ որդիս: Ան յօրինող է, անոր համար հետաքրքրական է այստեղ ներկայացուած իւրաքանչիւր ցուցանմոյշ», յայտնած է դեսպանը:
Մասնագիտութեամբ երաժիշտ Ելենա Քուխտան խոստովանած է, որ հիացած եւ տպաւորուած է: Ան յատկապէս հաւնած է Կոմիտասի դաշնակն ու գորգը: «Կը հպարտանամ հայ ազգով: Ստեղծած են հիանալի թանգարան: Կոմիտասը արժանի էր ասոր: Կոմիտասը գրած է հիանալի երաժշտութիւն՝ ներկայացելով հայկական ազգային մշակոյթը: Տպաւորուած եմ ամէն ինչով: Ամէն ինչ հիանալի է»:
Հայաստանի մօտ Չինաստանի դեսպանի խորհրդական Լօ Շիսիւանի համաձայն՝ թանգարան այցելութեամբ այդ օրը իրեն համար եզակի դարձած է: «Շատ տեղեկութիւններ ունեցայ Կոմիտասի կեանքին, ստեղծագործական գործունէութեան մասին: Ան մեծ անհատականութիւն է, հայ ազգի հպարտութիւնը, ոսկին: Գիտցայ անոր կեանքին առնչուող պատմութիւններ: Ինչպէ՜ս ան սիրած է իր հայրենիքը, ինչպէ՜ս տառապած է իր հայրենիքին համար», նշած է ան:
Նախաձեռնութեան աւարտին ներկաները ունկնդրած են Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները «Գեղարդ» երգչախումբին կատարողութեամբ: Նատալեա Նալբանդեան բարձրաստիճան հիւրերուն նուիրած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի խորհրդանիշ անմոռուկ պատկերող կրծքանշանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.