
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 24 Փետրուարի իր նիստին Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուած է «Արցախի սոցիալական ծրագրերի հիմնադրամ» ստեղծելու մասին որոշման նախագիծին:
Կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինին համաձայն՝ «հիմնադրամը կամաւոր գոյքային վճարների հիման վրայ ստեղծուած ոչ առեւտրային կազմակերպութիւն է, որի պետական կառավարման լիազօր մարմինը աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերի նախարարութիւնն է»:
Վարչապետ Արա Յարութիւնեան յայտնած է, որ հիմնադրամը հիմնուած է պետական ֆինանսական աջակցութեամբ ընկերային ծրագիրներ իրականացնելու, մասնաւորապէս, արտօնեալ պայմաններով առանձին խումբերու անդամներուն բնակարանային պայմաններու բարելաւման աջակցելու համար:
Կառավարութեան որոշումով, պահեստային ֆոնտէն աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան պիտի յատկացուի 62 հազար տոլարի համարժէք դրամ՝ ղարաբաղեան մեծ հարսանիքի 19 զոյգերուն 19 երեխաներու գումարներ տրամադրելու նպատակով:
Գործադիրին որոշումով, անուանափոխուած են Լեռնային Ղարաբաղի Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջաններու 26 համայնքներու աշխարհագրական կառոյցներու անունները՝ «օտարահունչ եւ ոչ բարեհունչ անուններից ձերբազատուելու եւ պատմական անուանումները վերականգնելու պահանջից ելնելով»:
Որոշուած է նաեւ կառավարութեան համաձայնութիւնը վայելող կենդանական աշխարհի պահպանութեան եւ վերարտադրութեան միջոցառումներու այս տարուան ծրագիրի իրագործման համար պետական պիւտճէէն յատկացնել 6 միլիոն դրամ: Հիմնականին մէջ աշխատանքներ պիտի տարուին Մատաղիսի եւ Սարսանգի ջրամբարներուն մօտ յատուկ ձկնատեսակի բազմացման ուղղութեամբ:
Ղարաբաղին մէջ 2015 թուականին կայանալիք մարդահամարի նախապատրաստութեան եւ կայացման աշխատանքներուն օժանդակելու նպատակով այդ աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած են պետական կառավարման որոշ մարմիններ: Կառավարութեան որոշումով՝ հաստատուած են համապետական, Ստեփանակերտ քաղաքի եւ շրջանային յանձնաժողովներու կազմերը: