ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– 3 Մայիսին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնց մասնակցելու համար դիմումներ պիտի ընդունուին 9 Մարտէն մինչեւ 19 Մարտ։
«Թեր»չին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Սրբուհի Արզումանեան:
«Ընտրութիւններին մասնակցելու համար գրանցումները կը լինեն մինչեւ Մարտի 29ը: Քարոզարշաւը կը լինի Մարտի 30ից մինչեւ Մայիսի 1ը՝ ժամը 24:00ն», յայտնած է ան՝ աւելցնելով նաեւ, որ բնականաբար ներկայիս կարելի չէ ըսել, թէ ո՛ր կուսակցութիւնները պիտի մասնակցին:
Բայց եւ այնպէս, «Թերթ»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին կուսակցութիւններէն երկուքին ներկայացուցիչները հաստատած են իրենց հետագայ մասնակցութիւնը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան յայտնած է, թէ որպէս քաղաքական ուժ՝ անպայման պիտի մասնակցին խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
«Մենք կ՛ունենանք ընդհանուր քննարկումներ, որից յետոյ արդէն կը ներկայացնենք մեր թէ՛ համամասնական, թէ՛ մեծամասնական մասնակցութիւնը», նշած է Դաւիթ Իշխանեան:
Անոր համաձայն՝ վերջին 7-8 տարիներուն ընթացքին Արցախի մէջ տեղի ունեցող համապետական ընտրութիւններուն ընթացքին բաւական դրական տեղաշարժներ, միտումներ արձանագրուած են՝ ժողովրդական սկզբունքներու արմատաւորում, մասնակցութեան տոկոսի բարձրացում, վարչական աղբիւրներու միջամտութեան կտրուկ նուազում:
«Այդ ամէնը դրական տեղաշարժեր են, որի գնահատականը նաեւ տուել են դիտորդական առաքելութիւն իրականացնող տարբեր երկրների ներկայացուցիչներ: Այս առումով ակնկալիքները դրական են լինելու, եւ ամէն ինչ արւում է, յատկապէս վերջերս ընտրական օրէնսգրքում տեղի ունեցած փոփոխութիւնները դրական յոյսեր են ներշնչում համամասնական եւ մեծամասնական քուոտաների փոփոխութեան առումով», հաստատած է ՀՅԴի ներկայացուցիչը:
«Դաշնակցութեան Արցախի կառոյցը 100 տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգի կողմնակից է, եւ թէեւ մեր տեսակէտն ու մեր առաջարկը չընդունուեց, այնուհանդերձ, առաջընթացը փաստ է, կարծում եմ, որ միտումները դրական են», նկատել տուած է Դաւիթ Իշխանեան:
Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան անդամ Գագիկ Պետրոսեանն ալ ըսած է, որ 24 Փետրուարին պիտի գումարուի «Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան խորհուրդի նիստ, որուն ընթացքին պիտի ճշդուի համագումարին օրը:
«Չենք կարող ասել, թէ ինչ է որոշելու համագումարը, բայց որ ակտիւ մասնակցութիւն ենք ունենալու, դա միանշանակ է: Որպէս Լեռնային Ղարաբաղի առաջատար քաղաքական ուժ, բնականաբար, մենք ձգտելու ենք պահել մեր դիրքը», ըսած է պատգամաւորը:
Ինչպէս ՀՅԴի ներկայացուցիչը, այնպէս ալ Գագիկ Պետրոսեան նշած է, որ 2000 թուականէն ցայսօր Արցախի մէջ տեղի չէ ունեցած ընտրութիւն մը, զոր կարելի է կասկածի տակ առնել:
«Սրանք միայն իմ խօսքերը չեն, այլ նաեւ եւրոպական միջազգային կազմակերպութիւնների, դիտորդների, որոնք բազմաթիւ անգամ յայտարարել են, որ Լեռնային Ղարաբաղի ընտրութիւնները տարածաշրջանում ամենաժողովրդավարն են», յայտնած է ան:
Նշենք, որ, ըստ փոփոխութիւններուն՝ 2015 թուականի Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին համամասնական ընտրակարգին տրուած է 22 տեղ, 11՝ մեծամասնական: Ներկայիս համամասնական ընտրակարգով 17, մեծամասնականով՝ 16 պատգամաւորական աթոռներ կան:
«Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան ներկայացուցիչը յայտնած է, թէ այս փոփոխութիւններուն միանշանակ թեր եղած են երկու ուժեր՝ «Ազատ հայրենիք»ը եւ Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւնը:
«Մենք միշտ էլ յայտարարել ենք, որ քայլ առ քայլ պէտք է գնանք 100 տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգի: Ինձ թւում է, որ 2020 թուականին ունենալու ենք 100 տոկոսանոց համամասնական խորհրդարան», ընդգծած է պատգամաւորը:
Աւելի կանուխ Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետը ըսած էր, թէ ամէն ինչ կ՛ընթանայ բնականոն հունով, պետական պատասխանատու մարմիններն ու կուսակցութիւնները հանգիստ կերպով կը նախապատրաստուին ընտրութիւններուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.