– Իրաքի վարչապետի բանբեր Ռաֆետ Ճապպուրի յայտնեց, թէ Պաղտատ կը փափաքի, որ արաբական երկիրները, մանաւանդ անոնք, որոնք Իրաքի դրացի են, իրենց տնտեսական կապերը սերտացնեն Իրաքի հետ, որպէսզի իրաքեան շուկան իրանեան եւ թրքական ընկերութիւններու մենաշնորհը չմնայ:
– Աշխարհի տարածքին կատարուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն՝ կանանց 68 տոկոսը «կենսական» կը նկատէ ուժանիւթի խնայողութիւնը, մինչ տղմարդկանց մօտ այդ համեմատութիւնը 47 տոկոս է։
– 1960ին, 24-35 տարիքի սահմաններուն մէջ գտնուող ամերիկացիներուն 10 առ հարիւրը երբե՛ք չէր ամուսնացած։ Ներկայիս այդ համեմատութիւնը 50 տոկոսի բարձրացած է։
– Միացեալ Նահանգներու սահմանային ապահովութեան մարմինները 680,000ական տոլար վճարած են իրենց պաշտօնեաներուն Արիզոնայի մէջ 21 բնակարան կառուցելու համար, մինչ շրջանին մէջ բնակարանի մը միջին արժէքը միայն 86,500 տոլար է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.