ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Ասկերով դատապարտուեցաւ ցմահ բանտարկութեան, իսկ Կուլիեւ՝ 22 տարուան:
Մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ, Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի տեղակալներէն Վիքթորիա Նիւլընտ Պաքու եւ Երեւան այցելութեան ընթացքին «փափաք» յայտնեց (քիչ մը հրամայելու պէս), որ նշեալ երկու բանտարկեալները պէտք է վերադարձուին Ատրպէյճանին:
Իսկ այդ յայտարարութենէն քանի մը օր ետք, պետական քարտուղարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի «հիմնաւորեց» Նիւլընտի յայտարարութիւնը ըսելով, որ նման քայլ մը «կը մեղմացնէ» երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը:
Նախ, քիչ մը յիշողութիւններ թարմացնենք: Նիւլընտ Օպամային նախորդող նոր-պահպանողական վարչակարգին մէջ կարեւոր դիրք ունէր: Ամուսինը Ռապըրթ Քէյկընն է, նոր-պահպանողականութեան գաղափարախօսներէն ու թմբկահարներէն: Երբ տիկին Քլինթըն պետական քարտուղար նշանակուեցաւ, ան Նիւլընտը նշանակեց Եւրոպայի հարցերով իր տեղակալը:
Եւրոպական քաղաքական ու դիւանագիտական շրջանակները Նիւլընտին հակակրելու ամէն պատճառ ունին. որովհետեւ Ուքրանիոյ նախագահ Եանուքովիչի վերջին շաբաթներուն, տիկին Նիւլընտ Քիեւի մէջ ամերիկեան դեսպան Ճեֆրի Փայեթին հետ իր ունեցած հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին, Եւրոպական միութեան հասցէին հայհոյալից (ճիշդ կարդացիք, հայհոյալից) արտայայտութիւն ունեցած էր:
Միջին Արեւելքի (Սուրիա, Իրաք), Հիւսիսային Ափրիկէի (Լիպիա), ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ (Ուքրանիա) անդադար լարուածութիւններ հրահրող ու քաջալերող Մ. Նահանգներուն վարքագիծին հետեւողներուն համար, քիչ մը զարմանալի է «լարուածութիւնը մեղմացնելու» այս մօտեցումը: Յանկարծ Ս. Հոգի՞ն իջած է արդեօք: Բնականաբար՝ ոչ:
Բոլորիս համար հասկնալի պէտք է ըլլայ իրականութիւն մը, որ Մ. Նահանգներ լարուածութիւններ կամ տագնապներ կը ստեղծէ այն պահուն ու այն վայրերուն մէջ, ուր իրեն համար նպաստաւոր է: Կրնայ նաեւ յանկարծ հրապարակ գալ «խաղաղարար»ի կամ «միջնորդ»ի դերով՝ դարձեալ մեկնելով իր շահերէն ու հաշիւներէն (թէ այդ հաշիւները ճի՞շդ են թէ սխալ՝ այդ ալ Քերիի ու Օպամայի խնդիրն է):
Այնպէս որ, եթէ պետական քարտուղարութիւնը Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեամբ մտահոգ էր, կրնար նոյն Նիւլընտի միջոցով ճնշում բանեցնել իր դաշնակից Ատրպէյճանի վրայ, որպէսզի վերջինս ետ կանգնէր սահմաններուն վրայ զինուորական մագլցումի իր քայլերէն:
Նիւլընտ երկու ազերի խափանարարները ազատ արձակելու իր կոչը ըրաւ Պաքու այցելութենէն ետք: Հետեւաբար կրնայ ըլլալ, որ Պաքուի մէջ իր ազերի խօսակիցները նման պահանջ մը դրած են իրեն ու ինք այս ձեւով կը փորձէ «գոհացնել» զանոնք: Այս վարքագիծը բնականաբար աժան դիւանագիտութիւն է եւ զուրկ՝ որեւէ լրջութենէ:
Մեզ անհանգստացնողը այն է, որ ամերիկեան դիւանագիտութիւնը անգամ մը եւս բացորոշ կերպով կ՛անտեսէ իրականութիւնները, որոնք երբեմն աղաղակող են: Օրինակ, æուղայի խաչքարերու օր ցերեկով քանդումի օրերուն, երբ Ուաշինկթըն ամէն ձեւի ծեքծեքումներով փորձեց «զսպուածութիւն» յորդորել «կողմերուն», լաւագոյն պարագային պարզապէս «մտահոգութիւն» յայտնելով: Միայն այդքան: Տալիտան երգ մը ունէր, կը յիշէ՞ք, «Փարոլէ, փարոլէ, փարոլէ…»
Հիմա, այս պարագային, Ատրպէյճան խափանարարներ ուղարկած է դէպի հայկական կողմը, անոնք նոյնիսկ անմեղ քաղաքացիներ սպաննած են եւ Նիւլընտ կոչ կÿուղղէ արարքին հեղինակները վերադարձնել՝ «լարուածութիւնը մեղմացնելու» նպատակով: Նիւլընտի մօտեցումը, ժողովրդային լեզուով, քիչ մը շատ «վրան բաց է»:
Նիւլընտ ներկայացուցիչն է այն երկրին, որուն նախագահը նուազ քան հարիւրամեակ մը առաջ (Ապրիլ, 1920) ստանձնած էր Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանագծումը կատարելու իրաւարարութիւնը: Նոյնինքն պետական բաժանմունքի փորձագէտներն էին, որոնք օրին այդ աշխատանքը մանրակրկիտ կերպով կատարած էին, նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի յանձնարարութեամբ:
Ուիլսընի իրաւարար վճիռը հրապարակուեցաւ 1920ի Նոյեմբերին: Այդ քարտէսին բնօրինակը, Ուիլսընի ստորագրութեամբ, կը գտնուի պետական բաժանմունքի արխիւներուն մէջ:
Օրինակ մըն ալ կը գտնուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան արխիւներուն մէջ, Պոսթըն:
Ինչո՞ւ մտանք այս մանրամասնութեան մէջ: Պարզապէս անգամ մը եւս յիշեցնելու, որ Արեւմուտքը եւ յատկապէս Մ. Նահանգներ, լուրջ պարտք ու պատասխանատուութիւն ունին Հայաստանի ու հայութեան նկատմամբ: Եւ այդ պարտքը կարելի չէ հատուցել խափանարարներ ազատ արձակելու եւ այդ ձեւով… «լարուածութիւնը մեղմացնելու» ուղղութեամբ կատարուող կոչերով:
Նիւլընտ ու իր «պօսերը» պէտք է լաւ գիտնան այս հանգամանքը:
Տիկինը վստահաբար լսած ու կարդացած է Ուիլսընի մասին: Կասկած չունինք: Բայց արդեօք լսա՞ծ է անոր իրաւարար վճիռին մասին:
Փետրուար 25, 2015
vproodian@gmail.com