ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Սէօզճիւ» պարբերականը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի քննադատած է իր երկրի նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը՝ անցեալ տարի հայերու ժառանգորդներուն ցաւակցելուն, իսկ այս տարի՝ Հայաստանի նախագահը Թուրքիա հրաւիրելուն համար:
Ան կուսակցութեան Ընդհանուր ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յիշեցուցած է, որ նախագահ Սարգսեան մերժած է Էրտողանի հրաւէրը: «Անցեալ տարի Հայկական Սփիւռքին ցաւակցական նամակ գրած այդ անձը, այժմ նախագահի աթոռին նստած է: Անցեալի ցաւերը տակաւին չեն մարած, հայերուն՝ մեր հողերուն նկատմամբ ունեցած պահանջները յայտնի են, իսկ Էրտողան ինչի՛ ետեւէն ինկած է», ըսած է Պահչելի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.