Խորհրդարանի Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութեան պատգամաւորը այս մասին մամուլին կատարած մեկնաբանութեան մէջ նշած է, որ մեծ պետութիւնները այն ատեն չդադրեցուցին քրիտոնեայ հայերու զանգուածային կոտորածը, ինչ որ այսօրուան տեսանկիւնէն կարելի պիտի ըլլար. «Անկէ հարիւր տարի անց քաղաքականութիւնը այլեւս իրաւունք չունի լռելու»:
Ա. Վայլերի յիշեցուցած է, որ Բրիտանիոյ խորհրդարանի քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութիւն-Քրիստոնեայ ընկերվարական միութիւն խմբակցութիւնը բազմիցս կոչ ուղղած է թրքական պետութեան՝ թօթափելու այս տխուր ժառանգութեան բեռը:
«Ցաւօք, Թուրքիան մինչ օրս պատրաստ չէ ներում հայցելու իր նախնիներուն արարքներուն համար: Ես կը կարծեմ, թէ պատմութեան այս տխուր էջի մշակումն ու ճանաչումը պէտք է 21րդ դարուն ժողովրդավարական համարկման նախապայման ըլլայ։ Այն երկրին, որ արդէն երկար տարիներ ԵՄ անդամութեան կը ձգտի, անյապաղ անհրաժեշտ է առերեսուիլ սեփական անցեալին հետ ու վերագնահատել զայն», դիտել տուած է գերմանացի երեսփոխանը:
Ան միեւնոյն ատեն նշած է, թէ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն ստորագրութեամբ իրենց մօտ յոյսեր արթնցած էին՝ հաշտեցման գործընթացի սկսման վերաբերող. «Այսօր, սակայն, պէտք է ափսոսամ, որ կարգաւորման գործընթացը, ցաւօք, յառաջընթաց չունեցաւ: Ես վստահ եմ, որ գործուած անարդարութեան յստակ անուանումը եւ Թուրքիոյ այսօրուան պատասխանատուներուն կողմէ անոր ճանաչումը քաղաքական հաշտեցման լաւ նախադրեալ պիտի ըլլար: Մենք պիտի շարունակենք ջանքեր գործադրել այդ ուղղութեամբ», աւելցուցած է Ալպերթ Վայլերի։
Այս եւ շարք մը այլ օրակարգային խնդիրներու հրամայականէն մեկնելով՝ Ալպերթ Վայլերի ծրագրած է խորհրդարանին մէջ հիմնել հայ-գերմանական ֆորում՝ նպատակ ունենալով սերտացնելու հայ-գերմանական յարաբերութիւնները տարբեր ոլորտներու մէջ, ինչպէս նաեւ խթանելու հասարակութիւններուն միջեւ կապը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.