Քաղաքի յայտնի Կոլտըն Կէյթ կամուրջի երկայնքով կատարուած քայլարշաւը կազմակերպուած էր «Վարդանի ասպետներ» կազմակերպութեան Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղին կողմէ՝ համագործակցաբար գաղութին մէջ Ապրիլեան ձեռնարկները համակարգող Հարիւրամեակի միացեալ մարմինին:
«Սան Ֆրանսիսքօ Էքզամինըր» թերթը, անդրադառնալով քայլարշաւին՝ մէջբերած է մասնակիցներէն Ալեքս Պաստեանի հետեւեալ խօսքը. «Մենք այս երթը կը կատարենք ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան, այլեւ բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակին: Միայն ցեղասպանութիւններու ճանաչման եւ դատապարտման միջոցաւ կրնան սպիանալ մարդկութեան վէրքերը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.