Նոյն օրը նախագահ Սահակեան Մարտունի քաղաքի մշակոյթի պալատին մէջ մասնակցած է Արցախեան ազգային-ազատագրական շարժման եւ ազատամարտի ականաւոր ներկայացուցիչ Վլադիկ Խաչատրեանի 65ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր հանդիսութեան:
Նախագահը կարեւոր նկատած է ազգի երախտաւորներու յիշատակի յաւերժացումը՝ նշելով, որ Վլադիկ Խաչատրեանի կերպարը՝ որպէս մեծ հայրենասէրի, լաւ ընկերոջ եւ տաղանդաւոր հրամանատարի, միշտ վառ պիտի մնայ սերունդներու յիշողութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.