Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն, որոնք, կողմերուն համոզմամբ, կարեւոր են Եւրամիութեան հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն մէջ:
Սերժ Սարգսեան եւ Տոնալտ Թուսք անդրադարձած են նաեւ 2014ի տարեվերջէն Եւրոպական միութեան հետ քննարկուող Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւնները կարգաւորող նոր իրաւական շրջանակը ձեւաւորելու հարցին եւ Արեւելեան գործընկերութեան Ռիկայի գագաթնաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն: Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն:
ԵԺԿ գագաթնաժողովի ծիրին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան կարճատեւ հանդիպում ունեցած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ: Զրուցակիցները քննարկած են հայ-գերմանական երկկողմանի եւ բազմակողմանի համագործակցութեան ու Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերող հարցեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.