ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «100 Lives» նախաձեռնութեան ղեկավար Արման Ջիլաւեան 20 Մարտին «Արարատի ստորոտին» միջազգային տեղեկատուական ֆորումի մասնակից լրագրողներուն ներկայացուցած է «100 Lives» նախաձեռնութեան նպատակն ու գաղափարախօսութիւնը՝ դիտել տալով, որ անիկա փորձ մըն է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նայելու այլ տեսանկիւնէ, գնահատելու ու շնորհակալութիւն յայտնելու այն մարդոց, որոնք կը մերժեն մարդկութեան դէմ կատարուող յանցագործութիւնները: Ան նշած է, որ, ի հեճուկս Թուրքիոյ ի գործ դրած հսկայական ջանքերուն, հայ ժողովուրդը չոչնչացաւ:
«Անկախ հարիւրամեակի դժուարութիւններից, հայ ժողովուրդը վերածնուեց եւ յաղթեց: Այդ յաղթանակը տեղի ունեցաւ ոչ միայն հայ ժողովրդի կամքի, այլեւ տարբեր երկրներում ապրող տարբեր ազգութիւն եւ հաւատք ունեցող մարդկանց շնորհիւ, ովքեր օգնեցին, որ հայ ժողովրդի գենը փրկուի եւ մնայ որպէս համաշխարհային քաղաքակրթութեան մի մաս», յայտնած է Ջիլաւեան՝ աւելցնելով, որ «100 lives»ը շնորհակալութեան նախագիծ է:
Ան նշած է, որ յաջորդ տարի լրագրողներուն կողմէ «Aurora Prize for Awakening Humanity» մրցանակը պիտի տրուի 24 Ապրիլին։ Մրցանակը՝ 1 միլիոն տոլարը, պիտի տրուի այն խիզախ մարդոց, որոնք կը փրկեն ուրիշ անձերու կեանքեր։
«Այն ժամանակ մեզ փրկեցին, եւ մենք ցանկանում ենք, որ այսօր էլ մարդիկ միմեանց փրկեն: Այս կերպ մենք ցանկանում ենք շնորհակալ լինել աշխարհին: Սա այն ուղին է, որով ցանկանոմ ենք գնալ: Դժբախտաբար, ցեղասպանութիւնները կրկնւում են, եկէք միասին դրանք դադարեցնենք: Սա է «100 lives»ի գաղափարախօսութիւնը», պարզաբանած է Ջիլաւեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.