
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– 20 Մարտին սկսաւ «Այբ» ուսուցչական երկօրեայ համաժողովը, որուն նպատակն է իւրաքանչիւր տարի լուսարձակի տակ առնել ու քննարկել կրթութեան վերաբերող արդիական հարցեր: «Այբ» կրթական հիմնադրամէն տեղեկացուցած են, որ համաժողովի գլխաւոր հարցադրումը եղած է հետեւեալը. «Ինչպէ՞ս անել, որ բոլոր աշակերտներին, անկախ իրենց ընտանիքից եւ շրջապատից, դաստիարակուած մարդ դառնալու հաւասար հնարաւորութիւններ ընձեռենք»:
Համաժողովը կը նպատակադրէ մէկ կողմէ աջակցիլ դպրոցներու յառաջդիմութեան, իսկ միւս կողմէ ուսուցիչներուն կարելիութիւն ստեղծել զարգանալու։
Համաժողովին մասնակցած են աւելի քան 120 ուսուցիչներ, վարչագիտական աշխատակիցներ եւ դպրոցներու ղեկավարներ, որոնց անմիջական աշխատանքն է սերմանել արժէքներ եւ ազդել վարքագիծի ձեւաւորման վրայ:
Ուսուցիչները նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենան տարբեր ոլորտներու մէջ յաջողութիւն արձանագրած ղեկավարներու եւ գործարարներու հետ, որոնք՝ յանձինս իրենց աշխատակիցներուն, ըստ էութեան, դպրոցական դաստիարակութեան սպառողներէն կը հանդիսանան եւ մեծ փափաք ունին դպրոցի ուսուցիչներէն իրենց ակնկալութիւնները բաժնեկցելու:
«Պէտք է սովորենք ցանկացած երեխայի համար պայքարել, փորձել այնպիսի համակարգ ունենալ դպրոցում, որի շնորհիւ ամենաթոյլ աշակերտը եւս առաջխաղացում կ՛ունենայ: Պէտք է սկսենք ուսուցչի աշխատանքը գնահատել ոչ թէ ամենափայլուն աշակերտներով, այլ ամենավատ աշակերտի առաջխաղացումով», իր խօսքին մէջ նշած է «Այբ» դպրոցի տնօրէն Արամ Փախչանեանը:
Համաժողովի գլխաւոր հարցադրումներէն է նաեւ այն, թէ դաստիարակելը արդեօք ուսուցիչին գո՞րծն է, եւ թէ ինչպիսի՞ մասնագիտական եւ բարոյական հմտութիւններ պէտք է ունենայ աշակերտի դաստիարակութեան պատասխանատու ուսուցիչը:
«Այբ» դպրոցի ռուսերէն լեզուի աւագ ուսուցչուհի Գայիանէ Մարկոսեանի համաձայն՝ «դպրոցն է կայացնում անձին, եւ եթէ այն դրան չի ծառայում, հետզհետէ դպրոցի կարիքը կը վերանայ, քանզի գիտելիք հայթայթելու շատ այլ հնարաւորութիւններ գոյութիւն ունեն»:
«Հաշուի առնելով հազարամեակների մարտահրաւէրները եւ տեղեկատուութեան ահռելի պաշարները, որ թափւում են աշխարհի տարբեր ծայրերից, պէտք է այնպիսի մարդ ձեւաւորել, ով, նախ, ինքնապաշտպանական բնազդ կ՛ունենայ եւ պատրաստ կը լինի դիմակայելու այդ մարտահրաւէրներին», աւելցուցած է «Կարին» աւանդական երգի-պարի խումբի հիմնադիր եւ գեղարուեստական ղեկավար, «Այբ» դպրոցի պարի ուսուցիչ Գագիկ Գինոսեան:
«Այբ» ուսուցչական համաժողովը այս անգամ եւս կը կայանայ միայն «Այբ» հիմնադրկին կողմէ ղեկավարուող դպրոցներու ուսուցիչներուն եւ աշխատակիցներուն համար: Համաժողովի միջոցով հիմնադրկը նպատակ ունի կրթական ոլորտի արդի խնդիրները տեղադրել հետաքրքրական եւ հարստացնող քննարկումներու դաշտի մէջ, ուր ծագած տարակարծութիւնները կ՛օգնեն ստանալու խնդիրի խորութեան եւ տարողութեան իսկական պատկերը:
Այս համաժողովի նպատակներէն է նաեւ նախապատրաստուիլ աշնան ծրագրուած աւելի մեծ համաժողովին, որ բաց պիտի ըլլայ նաեւ կրթական այլ հաստատութիւններու ու կազմակերպութիւններու համար եւ պիտի կազմակերպուի Կրթութեան գերազանցութեան ազգային ծրագիրի ծիրին մէջ։