Խորհրդակցութեան ընթացքին ենթակայ ստորաբաժանումներու մարտական եւ համակարգային պատրաստութեան, զօրահաւաքային պատրաստականութեան վիճակի, սպառազինութեան ու ռազմական սարքաւորումներու օգտագործման, զինուորական կարգապահութեան խնդիրներուն, ռազմական շարք մը կառոյցներու նորոգման անհրաժեշտութեան եւ այլ հարցերու վերաբերեալ զեկուցումներ ներկայացուած են։
Խորհրդակցութեան մասնակիցները նաեւ ներկայացուցած են առաջարկներ, որոնք առաւելապէս կը վերաբերէին տեղակայման վայրերուն եւ մարտական յենակէտերուն մէջ զինուորներու ընկերային-կենցաղային պայմաններուն, երկրաչափական եւ ամրաշինական կառոյցներու առաւել բարելաւման եւ այս ուղղութեամբ պատասխանատու ստորաբաժանումներու կողմէ իրականացուող ընթացիկ ու հեռանկարային ծրագիրներուն։
Հանդէս գալով ամփոփիչ զեկոյցով՝ Հայաստանի զինուած ուժերու գերագոյն ղեկավարման մարմիններու պետի տեղակալ, զօր. Հայկազ Բաղմանեան հաստատած է, որ հաշուետու ժամանակաշրջանին ընդհանուր առմամբ պատշաճ կերպով իրականացուած են զինուած ուժերու պատրաստութեան ծրագիրով նախատեսուած բոլոր զօրավարժութիւնները, համաբանակային միջոցառումները, եւ ենթակայ ստորաբաժանումները ունակ են կատարելու իրենց առջեւ դրուած խնդիրները թէ՛ խաղաղ, եւ թէ պատերազմական պայմաններու մէջ:
Խորհրդակցութեան աւարտին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան՝ հաշուի առնելով սահմանագօտիին մէջ լարուածութեան աճը եւ հակառակորդի աշխուժութիւնը չէզոքացնելու հրամայականը, զօրքերու մարտական պատրաստականութեան ու զգօնութեան բարձրացման ուղղութեամբ տուած է շարք մը ցուցումներ եւ յանձնարարականներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.