ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի 15րդ նիստին Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Կարէն Նազարեան հաստատած է, որ Հայաստան մնայուն կերպով հանդէս եկած է որպէս ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ այլ յանցագործութիւններու կանխարգիլման միջազգային ջանքերու լուրջ ջատագով: «Մի քանի օր առաջ Եւրոպական խորհրդարանն ամէնամեայ զեկոյց ընդունեց մարդու իրաւունքների եւ ժողովրդավարութեան վերաբերեալ, որում Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի նախաշեմին ԵՄ անդամ բոլոր երկրներին եւ եւրոպական կառոյցներին կոչ արեց ճանաչել Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ շարունակել նպաստել Ցեղասպանութեան ճանաչմանը: Այսպիսով, Եւրոպական խորհրդարանը վերահաստատում է իր դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ եւ վերահաստատում է, որ Ցեղասպանութիւնը եւ դրա ժխտումը մարդու իրաւունքների բուն եւ հրատապ խնդիրներ են: Մենք երախտապարտ ենք հայ ժողովրդի նկատմամբ եւրոպական համերաշխութեան այս ուղերձի համար», շեշտած է Նազարեան։
Ան յիշեցուցած է, որ Եւրոպական խորհրդարանի ընդունած զեկոյցին մէջ անդրադարձ կը կատարուի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու վիճակին: «Զեկոյցում խորհրդարանը Եւրամիութեան անդամ երկրներին կոչ է անում ապահովել կրօնական փոքրամասնութիւնների նկատմամբ յարգանքը, յատկապէս, Մերձաւոր Արեւելքում, որտեղ քրիստոնեաները, այդ թւում՝ հայերը, ինչպէս նաեւ եզդիները, հալածւում են «Իսլամական պետութիւնից» կամ ահաբեկչական այլ խմբերի կողմից», ընդգծած է փոխնախարարը:
Կարէն Նազարեան անդրադարձած է նաեւ ահաբեկիչներուն կողմէ սուրիական Տէր Զօր քաղաքին մէջ Սուրբ Նահատակաց հայկական եկեղեցւոյ քանդումին՝ ընդգծելով, որ այդպիսով ուղիղ կապ հաստատուեցաւ մարդկութեան դէմ անցեալի եւ ներկայի յանցագործութիւններուն միջեւ: «Մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելու քայլը փորձ է ջնջել այլ ժողովուրդների յիշողութիւնը եւ ոչնչացնելու հազարամեակների պատմութիւն ունեցող մշակոյթը եւ քաղաքակրթութիւնը», եզրափակած է փոխնախարարը:
Ան նաեւ խօսած է Թուրքիոյ քաղաքականութեան մասին՝ դիտել տալով, որ տարածաշրջանային տնտեսական համագործակցութենէն հրաժարիլը, փակ սահմաններ պարտադրելը եւ շրջափակումը քաղաքական լուծումներ չեն ստեղծեր։ «Ընդհակառակը, դրանք վանում են իրարից տարածաշրջանի ժողովուրդներին, ոչնչացնում են նրանց վստահութիւնը եւ հաւատն առ խաղաղութիւն: Մենք հաւատացած ենք, որ Եւրոպական Միութեան համար կարեւոր է արձագանգել իր գործընկեր պետութիւնների կենսական շահերին», նշած է Նազարեան:
Փոխնախարարին համաձայն՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բացակայութիւնը եւ Եւրոպայի վերջին փակ սահմանը կը շարունակեն խոցելի ըլլալ տարածաշրջանային անվտանգութեան համար, որ ունի առաւել մեծ՝ համաեւրոպական հետեւանքներ: «Արդէն շուրջ երկու տասնամեակ է Թուրքիան փակ է պահում Հայաստանի հետ սահմանը՝ այդ եղանակով խոչընդոտելով ոչ միայն միջժողովրդական շփումներին, ինչը շատ կարեւոր է հաշտեցման համար, այլ նաեւ արգելափակելով Հայաստանի հաղորդակցութեան եւ տրանսպորտային ուղիները դէպի Եւրոպական Միութիւն», յայտնած է փոխնախարարը։
«Հայաստանը ողջունում է Եւրոպական յանձնաժողովի նախաձեռնութիւնը՝ վերանայել Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրը, ինչը կարեւոր հնարաւորութիւն է տալիս խորհել եւ վերլուծել անցեալի փորձը, հասկանալ այն առաջնայնութիւնները, որոնցով պէտք է օժանդակել ԵՄ անդամ պետութիւնների պրակտիկ գործողութիւններին, որոնք միտուած կը լինեն մնայուն խաղաղութեան հիմքերի ամրապնդմանը», իր խօսքը եզրափակելով ըսած է Նազարեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.