1915 թուականին, «Տեղահանութեան մասին» օրէնքի ընդունումէն ետք սկսաւ արեւմտահայերու զանգուածային բռնագաղթը, որուն ընթացքին խաղաղ բնակչութեան հանդէպ գործադրուեցան աննախընթաց բռնութիւններ: Հայերուն կը ստիպէին ուրանալ իրենց կրօնը: Սկսան զանգուածային տեղահանութիւններ դէպի Տէր Զօր, Ռաս Ուլ Այն, Մեսքենէ եւ այլ բնակավայրեր, որոնց կից ստեղծուեցան գաղթակայաններ: 1915 թուականին Կղեմես Քիւրքճեան Եոզկաթէն տեղահանուած ու քշուած է Տէր Զօր։
Ամուսինին ձերբակալուելէն եւ սպաննուելէն ետք անոր կինը՝ Ռեպեքան, փախուստի կը դիմէ եւ մազապուրծ կը փրկուի Եոզկաթի սարսափելի կոտորածներէն: Ամուսինէն մնացած միակ յիշատակը, զոր կինը կրցած է իրեն հետ առնել բռնագաղթի ժամանակ, հարսանեկան այս լուսանկարն է: Ռեպեքան զայն ծալած եւ պահած է իր մօտ՝ այդպիսով փրկելով ընտանիքէն մնացած թանկ մասունքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.