Քննարկման ընթացքին հանդէս եկած են Միացեալ Նահանգներու հայկական երկու մեծ կազմակերպութիւններու՝ Ամերիկայի Հայկական համագումարի եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները, յաջորդաբար՝ Պրայըն Արտունի (գործադիր տնօրէն) եւ Քէյթ Նահապետեան (յանձնախումբի կառավարական հարցերու տնօրէն):
Երկուքն ալ կոչ ըրած են աւելցնելու Հայաստանին եւ Լեռնային Ղարաբաղին յատկացուող օգնութիւնը՝ մինչեւ 40 միլիոն տոլար Հայաստանին եւ մինչեւ 5 միլիոն տոլար ԼՂՀին:
Արտունիի համաձայն՝ Մերձաւոր Արեւելքի ներկայ իրավիճակին մէջ, Հայաստանի դերը աւելի կարեւոր դարձած է Միացեալ Նահանգներուն համար:
Նահապետեան յիշեցուցած է, որ Երեւան գործօն մասնակցութիւն կը բերէ ամերիկեան բազմաթիւ ծրագիրենրու մէջ՝ նշելով. «Հայաստանը աշխարհի ռազմավարական կարեւորագոյն տարածաշրջանին մէջ գտնուող լուրջ գործընկեր է, որ շարունակաբար աջակցած է ամերիկեան գործողութիւններուն՝ խաղաղարարներ ուղարկելով Աֆղանիստան, Իրաք եւ Քոսովօ, եւ համագործակցած է ապահովական մարզին մէջ»:
Հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները ընդգծած են, որ հակառակ իր դժուարութիւններուն եւ շրջափակման, Հայաստան բարձր ցուցանիշներ արձանագրած է գործարար միջավայրի ստեղծման եւ բարեփոխումներու իրականացման ոլորտներուն մէջ: Բացի ատկէ, 2014ին Հայաստան մեծ թիւով գաղթականներ ընդունած է Սուրիայէն, ուստի օգնութեան կարիք ունի՝ սուրիահայերուն պատշաճ աջակցութիւն տրամադրելու համար:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղին յատկացուելիք օգնութեան՝ երկու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները խնդրած են Ատրպէյճանին որեւէ օգնութիւն չտրամադրել, որովետեւ Պաքու կը շարունակէ սահմանին վրայ իրավիճակը լարուած պահել եւ սպանութիւններ կազմակերպել:
«Ղարաբաղին յատկացուելիք 5 միլիոն տոլարը մեծ գումար չէ, սակայն անիկա առիթ պիտի ընծայէ, որ լուրջ փոփոխութիւններ իրականացուին ականազերծման, ջուրի զտման եւ այլ ոլորտներու մէջ», ըսած է Արտունի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.