(ՆԵՐՔԻՆ ՃԱԿԱՏԻ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ՀԱՄԱՐ)
ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ

Աներազ ազգերը ապագայ չունին։ Ապագայ չունին մանաւանդ անհորիզոն ժողովուրդները։ Բոլո՛ր անոնք, անհատ թէ հաւաքականութիւն, որոնք կը մոռնան խաղին օրէնքը եւ կը կարծեն, թէ առանց բոլորանուէր, գերագոյն զոհաբերութեանց, առանց հաւաքական կամքի եւ կազմակերպական հզօրանքի, առանց համապարփակ ու յարատեւ պայքարի հնարաւոր է վերապրիլ եւ պատմութիւն կերտել։
Արտաքին պայմաններու նպաստաւոր դասաւորումը հրամայական անհրաժեշտութիւն է, անշուշտ, ազգային ազատագրական կամ ինքնացման որեւէ պայքարի, քաղաքական որեւէ դատի յաղթանակին համար։
Սակայն արտաքին պայմաններէն առաջ, առարկայական նշանակութիւն ունի ներքին ուժերու արժեւորումը, ներքին ճակատի ամրապնդումը։
Արդարեւ, ո՛րքան ալ ձեռնտու ըլլան արտաքին, առարկայական պայմանները, ո՛րքան ալ բարենպաստ կացութիւն առաջացնէ միջազգային քաղաքական կեանքի հոլովոյթը, դրական կամ գործնական որեւէ արժէք չունի ոեւէ ազգի, ազատագրական ո՛րեւէ շարժումի համար, եթէ խնդրոյ առարկայ ազգը կամ ազգային ազատագրական շարժումը ի՛նք ներքնապէս պատրաստ չէ առիթէն օգտուելու եւ իր ճակատագիրը տնօրինելու համար։
Այն ազգերը, ազատագրական այն շարժումները, որոնք յուսատու պայմաններու կը սպասեն, որպէսզի ճիգերու առաւելագոյն լարումով հրապարակ իջնեն եւ համապարփակ պայքարի ձեռնարկեն, դատապարտուած են անխուսափելի սնանկութեան, որովհետեւ նախապայմանը այն չէ, որ նախ ազգերը կամ ազատագրական շարժումները իրե՛նք պատրաստ ու հասուն վիճակի մէջ գտնուին՝ պատեհ առիթին իրենց ճակատագիրը վերափոխելու աստիճան անհրաժեշտ ուժն ու կարողութիւնը ցուցաբերելու համար։
Պատմութիւնը, բոլոր յեղափոխութեանց եւ ազատագրական բոլոր շարժումներու պատմութիւնը ցոյց կու տայ աներկբայօրէն, որ ոչ մէկ ազգ, ազատագրական ոչ մէկ շարժում ճամբայ ելած է յուսատու պայմաններու հետ որոշակի… ժամադրութեամբ։ Ժողովուրդներու, առհասարակ քաղաքական եւ յեղափոխական կեանքի պատմութիւնը նման «ժամադրութիւններ» ու «ժամադիր»ներ չի ճանչնար եւ այս տարրական կանոնը անսաստողները կը տրորէ իր անողոք հոլովոյթի գլաններուն տակ։
Հետեւաբար, յուսատու պայմանները պէտք է որոնել,- բայց մանաւանդ ստեղծե՛լ ի գին ամէն բանի,- ոչ թէ դուրսը, արտաքին մակարդակներու վրայ, այլ ներսը, ներքին ճակատի վրայ։
Որովհետեւ, արտաքին պայմանները որքան ալ յուսատու ըլլան կամ նպաստաւոր դասաւորում ստանան, անօգուտ է, եթէ խնդրոյ առարկայ ազգը կամ ազատագրական շարժումը պատրաստութեան, կազմակերպական հզօրանքի կերտման եւ ներքին ուժերու ամրապնդման երկարատեւ շրջան մը բոլորած չէ՝ առաջին իսկ պատեհութեան իր սեփական կամքը պարտադրելու համար։
Պատրանքներով կ՛օրօրուին նաեւ այն բոլոր ժողովուրդներն ու ազատագրական շարժումները, որոնք կը յուսաբեկուին պարզ այն պատճառով, որ առանձինն են իրենց պայքարին մէջ։ Ո՞վ առանձին չէ կամ չէ եղած պատմութեան մէջ՝ իր սեփական ճակատագիրը վարելու կամ վերափոխելու կամ վերափոխելու գործին մէջ, բացի միայն… անարժաններէն։ Իսկ անարժաններէն ո՞վ է, որ յաջողած է ոտքի մնալ պատմութեան քառուղիներուն վրայ եւ պատմութիւն կերտել երբեւէ։
Քաղաքական կեանքի, առաւել եւս՝ ազատագրական պայքարի մէջ օտարին օգնութեան, արտաքին օժանդակութեան ապաւինողը եւս կէս ճամբան կը մնայ, այո՛, անտեսումի եւ արհամարանքի իբրեւ մնայուն առարկայ բոլորի՛ աչքին հաւասարապէս…
«Դրօշակ»ի Խմբագրականէն
ԺԱ Տարի, 1980, թիւ 23