ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան սփիւռքեան սերունդի այս ղեկավար ներկայացուցիչին առեւանգման ու սպանութեան անարգ ոճիրին պատասխանատուութիւնը կը ծանրանայ որոշապէս «Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ» անունին տակ թաքնուած հակադաշնակցական տարրերու վրայ:
28 Մարտ 1985ի եղբայրասպան այդ ոճիրին տարելիցը միշտ կը յիշենք, որպէսզի ինչպէս մերօրեայ, նոյնպէս եւ վաղուան հայոց սերունդները արթուն հսկեն, որպէսզի երբեւիցէ չկրկնուի գաղափարական այդօրինակ ակում եւ ազգային-բարոյական ամօթի խարան:
Նոյնինքն ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իր 25րդ Ընդհանուր ժողովին, 1992ին, յատուկ յայտարարութեամբ մը վեր կանգնեցաւ 28 Մարտ 1985ի ոճիրին բացած խոր վէրքէն եւ մեր ժողովուրդին ու հայոց սերունդներուն յանձնեց Աւանդը Ս. Զէյթլեանի՝ պատգամելով, որ «Ս. Զէյթլեանը էր եւ կը մնայ մեր արժանաւոր ընկերը, որ նահատակուած է ՀՅ Դաշնակցութեան վարած պայքարի պատնէշին վրայ՝ հակադաշնակցական մութ ուժերու ձեռքով (իր ընկերակից՝ Կ. Գոլանճեանի հետ միասին) առեւանգուելով եւ տմարդի կերպով ահաբեկման ենթարկուելով: Պայքարողի խրոխտ կեցուածքով, դաշնակցականի գաղափարական սքանչելի տիպարով եւ դաշնակցական միտքի դրօշակիրի փայլուն դիմագիծով, ինչպէս նաեւ իր գործով ու օրինակով, Ս. Զէյթլեան այլեւս մաս կը կազմէ դաշնակցական անմահ նահատակներու փաղանգին»:
Այսպէ՛ս, որքան ժամանակը թաւալի չարաբաստիկ այդ թուականէն ասդին, այնքան հայ ազգային-քաղաքական առաջնորդի մը տմարդի առեւանգման եւ մութ պայմաններու մէջ սպանութեան քայլը ինքնին կը վերածուի չսպիացող վէրքի, իսկ Սարգիս Զէյթլեանի գաղափարական կերպարը աւելի ու աւելի կը լուսաւորուի մեր սերունդներու յիշողութեան մէջ:
Բազմաշնորհ տաղանդով օժտուած դաշնակցական ղեկավար գործիչը եղաւ Ս. Զէյթլեան, որ 1930ին ծնած էր պատմական Մուսա լերան Խտըր Պէկ գիւղը: Մեծ մայրը՝ Վարդերը, 1915ի Մուսա լերան հերոսամարտին կռուած հայ հերոսուհիներէն էր: Հայրը՝ Թովմասը, հերոսամարտի շրջանին տակաւին պատանի, իբրեւ սուրհանդակ մասնակցած էր թրքական յարձակման դէմ մղուած մարտերուն, իսկ երեք տարի ետք, միանալով ֆրանսական բանակի կողքին կազմուած Հայկական լեգէոնին, մասնակցած էր 1918ի Արարայի յաղթական ճակատամարտին:
Բառին իրաւ եւ հարազատ իմաստով մուսալեռցի էր Ս. Զէյթլեան: Եւ ուսումն ու հանրային ծառայութիւնը ո՛ւր որ ալ տարին եւ պատասխանատուութեան ի՛նչ դիրքի վրայ ալ կանգնեցուցին Սարգիս Զէյթլեանը՝ ան միշտ գործեց լեռնական հայ գիւղացիին բնորոշ պարզ պայծառամտութեամբ, խրոխտ նկարագիրով եւ անդրդուելի ազգայնականութեամբ:
Կեանքը չօգնեց, որ Ս. Զէյթլեան համալսարանական բարձրագոյն ուսում ստանայ: Ստիպուեցաւ բաւարարուելու Երուսաղէմի «Ժառանգաւորաց»ին եւ Պէյրութի Համազգայինի Ճեմարանին ջամբած հայագիտական պատրաստութեամբ: Բայց ե՛ւ իր ուսումնատենչութեամբ ու ինքնաշխատութեամբ, ե՛ւ Յակոբ Օշականի, Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Սիմոն Վրացեանի ու Կարօ Սասունիի տարողութեամբ մեծ ուսուցիչներու շունչով կազմաւորուելու իր բախտաւորութեամբ, Սարգիս Զէյթլեան մտաւորական նախանձելի պաշարի տիրացաւ եւ իր ողջ կեանքը իմաստաւորեց հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը, հայ քաղաքական միտքի դեգերումներն ու հայ ազգային ինքնութեան բազմակողմանի զարգացումը ուսումնասիրելու անսպառ եռանդով:
Ազգային-քաղաքական եւ գաղափարական-մշակութային նման հարուստ պաշարով՝ Սարգիս Զէյթլեան համարձակ քայլերով իր ուղին հարթեց հայ իրականութեան մէջ:
Բացառապէս Սփիւռքի մէջ գործեց, բայց հայ ժողովուրդի հայրենական կեանքի առօրեան, ազգային-քաղաքական ու հասարակական-մշակութային իր բոլոր խնդիրներով, անբաժան մասն ու կիզակէտը դարձուց սփիւռքահայու իր կեցութեան: Միայն իրեն չպահեց գաղափարական ու հոգեմտաւոր այդ ջերմեռանդ առօրեան, այլ անսակարկ բաշխեց իր մամուլի ընթերցողներուն, իր դպրոցական աշակերտներուն, դաշնակցական իր ընկերներուն եւ, լայն ընդգրկումով, աշխարհասփիւռ ողջ հայութեան, որովհետեւ մնայուն վերելք մը եղաւ իր կեանքը հանրային գործունէութեան տարբեր մարզերու մէջ եւ մակարդակներու վրայ:
1954ին հրաւիրուեցաւ Գահիրէ, Եգիպտոս, ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Յուսաբեր»ի խմբագրական կազմին միանալու համար: Մօտէն ծանօթացաւ ու գործակցեցաւ Վահան Նաւասարդեանի ղեկավարութեամբ «Յուսաբեր»ի շուրջ խմբուած հայ մտաւորական փաղանգին՝ Գաբրիէլ Լազեանի եւ Բենիամին Թաշեանի տարողութեամբ խմբագիրներու հետ: «Յուսաբեր»ի դպրոցը հիմնաւորեց ազգային մտաւորականի, քաղաքական գործիչի եւ դաշնակցական ղեկավարի նկարագիրն ու պատրաստութիւնը Սարգիս Զէյթլեանի մէջ: Նոյն տարիներուն նաեւ կրթական մշակ եղաւ Գահիրէի Ազգային «Գալուստեան» վարժարանին մէջ, ուր եւ ծանօթացաւ ու ամուսնացաւ իր կեանքի ընկերոջ՝ ծանօթ մտաւորական Սոնա Զէյթլեանի (Սիմոնեան) հետ:
1958-1959ին, Վահան Նաւասարդեանի մահէն ետք, Սարգիս Զէյթլեան նշանակուեցաւ «Յուսաբեր»ի խմբագիր եւ մնաց այդ պաշտօնին վրայ մինչեւ 1962, երբ ընտանեօք վերադարձաւ Լիբանան եւ հաստատուեցաւ Այնճար, ուր ստանձնեց Ազգային «Յառաջ» վարժարանի տնօրէնութիւնը: Թէ՛ ազգային-գաղափարական շունչով սերունդ հասցնելու, թէ՛ «Յառաջ»ը քոլեճի մակարդակին բարձրացնելու եւ թէ, ընդհանրապէս, Այնճարի հայութեան հաւաքական կեանքն ու դաշնակցական կազմակերպութիւնը վերաշխուժացնելու առումներով բեղմնաւոր եղաւ Սարգիս Զէյթլեանի գործունէութեան այնճարեան շրջանը:
Համազգային լայն ու ընդգրկուն հորիզոնի տէր անհատականութիւն՝ Ս. Զէյթլեան քանի մը տարի ետք ընտանեօք հաստատուեցաւ Պէյրութ: Կարճ ժամանակով միացաւ ՀՅԴ Լիբանանի պաշտօնաթերթ «Ազդակ»ի խմբագրութեան, միաժամանակ՝ պատասխանատու պաշտօն վարեց Համազգայինի մէջ: Շուտով եղբայրներուն հետ ընտանեկան գործ հաստատեցին ազատ ասպարէզի մէջ, ինչ որ հնարաւորութիւնը ընձեռեց Սարգիս Զէյթլեանի, որպէսզի լիաժամ նուիրուի մտաւորական աշխատանքի եւ ազգային-կուսակցական եռուն գործունէութեան:
Ընտրուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կ. կոմիտէի անդամ, ստանձնեց նաեւ ԿԿի ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը եւ, միաժամանակ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ բժիշկ Բաբկէն Փափազեանի կողքին խմբագիր նշանակուեցաւ 1969ին իր վերահրատարակութիւնը սկսած ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ին, որ լիբանանեան մամլոյ օրէնքի սահմանափակումներուն հետեւանքով՝ այդ շրջանին լոյս տեսաւ «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ» անունով:
Պատասխանատուութեան այդ զոյգ մակարդակներուն վրայ Սարգիս Զէյթլեան եղաւ ճառագայթող ներկայութիւն: Իր ղեկավարութեամբ՝ ՀՅԴ Լիբանանի Կ. կոմիտէն քաղաքական մեծ յաջողութիւններ նուաճեց Լիբանանի պետական-քաղաքական կեանքին մէջ փայլուն դերակատարութեան, ազգային միասնականութեան հիմք ստեղծելու, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի հետապնդման ճակատներուն վրայ: Իսկ «Դրօշակ»ի էջերուն իր հրապարակած խմբագրականներով եւ ազգային-քաղաքական յօդուածաշարքերով, Ս. Կալեան եւ Ս. Զէյթլեան ստորագրութիւններով, հիմնական ներդրում ունեցաւ մեր ժամանակներու հայ ազգային գաղափարաբանութեան եւ դաշնակցական ռազմավարութեան մշակումին ու հունաւորումին մէջ:
Տեսակէտ ունեցող, ուղի հարթող եւ գաղափարական պայքար առաջնորդող հեղինակութիւն էր Սարգիս Զէյթլեան, որ իբրեւ այդպիսին, 1972ին, ՀՅԴ 20րդ Ընդհանուր ժողովին, ընտրուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ այդ պատասխանատուութեան վրայ, անսակարկ նուիրաբերումով գործեց եւ պայքարեցաւ մինչեւ վերջին շունչ՝ մինչեւ իր դէմ գործուած առեւանգումի եւ սպանութեան անարգ ոճիրը:
Բիւրոյական իր գործունէութեամբ, Սարգիս Զէյթլեան ոչ միայն դաշնակցական աշխարհասփիւռ մամուլին ընդհանուր պատասխանատուութիւնը ստանձնեց եւ անոր արդիականացման եւ ուժեղացման մէջ մեծ ներդրում ունեցաւ, այլեւ՝ իր առանձնայատուկ դրոշմը դրաւ ՀՅԴ Ծրագիրի այժմէական վերամշակումին ու վերահաստատման մէջ, Դաշնակցութեան եւ ընդհանրապէս հայ ազգային-ազատագրական շարժման գաղափարական աւանդներուն, ազգային-յեղափոխական եւ ընկերվարական-ժողովրդավարական ակունքներուն ուրոյն համադրումը իրագործելու առումներով:
Վճռորոշ եղաւ Սարգիս Զէյթլեանի ներդրումը նաեւ ու մանաւանդ սփիւռքահայ առօրեայի ՀԱՅՐԵՆԱՑՄԱՆ մեծ գործին մէջ:
Յատկապէս իր հետեւողականութեան շնորհիւ, սփիւռքահայ մամուլի առօրեան յատկանշուեցաւ Հայաստանի պարտադրուած խորհրդային իրականութիւնն ու, հեճուկս ուծացման եւ ինքնալքութեան բոլոր ճնշումներուն ու հալածանքներուն, հայրենի հայութեան ազգային զարթօնքի պոռթկումները առաջնահերթ կարեւորութեամբ լուսարձակի տակ պահուեցան:
Նոյն 1970ականներուն, հայկական Սփիւռքի քաղաքական եւ յեղափոխական զարթօնքի աշխուժացման հոսանքին մէջ, որուն առաջատար շարժիչը եղաւ Դաշնակցութիւնը, Սարգիս Զէյթլեան յատուկ դեր ունեցաւ՝ հայրենի երիտասարդ գործիչներու եւ ազատախոհ մտաւորականներու հետ կապերու հաստատման եւ սերտացման մէջ:
Մարտ 28 է դարձեալ, արդէն 29 տարի անցած է տարաբախտ մեր ընկերոջ անհետացումէն ասդին, բայց այսօր եւս՝ եղբայրասպան անարգ ոճիրին հանդէպ մեր սիրտերուն մէջ եւ ակռաներուն տակ կսկիծն ու ցասումը զսպած, կը խոնարհինք օրինակին եւ վաստակին առջեւ հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական եւ կուսակցական-մտաւորական յանդուգն ու ղեկավար գործիչին՝ Սարգիս Զէյթլեանի Մեծութեան առջեւ, որ հանդիսացաւ դրօշակիրը նաեւ հայ քաղաքական միտքի պետական հասունացման թռիչքին:
Տակաւին այն ժամանակներուն, երբ խորհրդային լուծի տակ՝ հայրենի հայութիւնը կը գտնուէր ազգային պահանջատիրութեան իր ձայնը լսելի դարձնելու բռնատիրական արգելքի տակ, Սարգիս Զէյթլեան հանդիսացաւ յառաջամարտիկներէն մէկը հայրենի հայութեան մէջ Հայ Դատի պայքարին անփոխարինելի կռուանը գտնելու եւ ամրապնդելու գաղափարական արեւելումին:
Դաշնակցական Միտքին զարթօնքը հունաւորելով՝ Սարգիս Զէյթլեան բարձր պահեց դրօշը հայեցի այն արեւելումին, թէ հարկ է Հայաստանի խորհրդային իրականութենէն անդին սեւեռիլ եւ բոլոր ուժերով լծուիլ Հայ Դատի պայքարին հայրենի՛, պետակա՛ն կռուանի հզօրացումին:
Հայաստանի անկախութեան վերանուաճումին եւ հայոց ազգային պետականութեան լիիրաւ վերականգնումին սեւեռող դաշնակցական ռազմավարութիւնը իր հունաւորումը ստացաւ նաեւ ու մանաւանդ Սարգիս Զէյթլեանի շունչով: